Այո՛, Ա՛յս Ենք Մենք․ Վրէժ-Արմէն

Յօդուածներ – Զրոյցներ

ԸՆԿԵՐԱԿԱՆ ԶՐՈՅՑՆԵՐ

Կիրակի երեկոյ է, Մոնթրէալ վերադարձի ճամբուն վրայ ենք։ Աշնանային արեւոտ ու տաքուկ երեք գեղեցիկ օրեր էին։ Այստեղ այս եղանակը «հնդկական ամառ» կը կոչուի։ Անկէ ետք զգալիօրէն անկում կ՚ունենայ ջերմաստիճանը, իսկ ձմեռը կը յիշեցնէ, թէ հեռու չէ…

Շրջանային ժողովի գացեր էինք Թորոնթօ։ Քանի մը ինքնաշարժներով։ Պէտք է խոստովանիմ, որ շատ ընդդիմութիւն կար այս ժողովին մասնակցութեանս առնչութեամբ։ Կինս, աղջիկս մտահոգ էին, որ շատ պիտի յոգնիմ, այս տարիքիս այլեւս նման յոգնութեան պէտք չէ ենթարկեմ ես զիս։ «Գոնէ գնացքը առնէիր, կամ օդանաւով երթայիր», կ՚ըսէին։

Ուրիշներ յիմարութիւն կը նկատէին այս բացառիկ օդէն չօգտուիլ ու տեղ մը հանգիստի չերթալ, չվայելել աշնան գունագեղ տեսարանները. «Թող ուրիշներ երթան ժողովի», «թող երիտասարդները երթան այլեւս», «քո՞ւ գործդ ինչ է, չի՞ բաւեր որքան ժողովի գացեր ես կեանքիդ մէջ…», – ու այսպիսի իմաստո՜ւն յանդիմանութիւններ եւ խրատներ կը լսէի։

Արդարեւ, տասը տարեկանէս ի վեր, Պատանեկանէն սկսեալ, անհամար ժողովներու մասնակից եմ եղեր։ «Ժողովախտը» երակներուս մէջն է կարծես։ Մեղաւորը ես չեմ։ Ծնողքէս սորվեր եմ։ Եւ ինչպէս չմտաբերեմ այն երեխան, որ ես չէի, որ օր մը երբ հարցուցեր են, թէ հայրը ի՞նչ գործ կ՚ընէ, «ժողով» պատասխաներ է։ Եւ շատ տարօրինակ է նաեւ լսել, ժողովէ մը վերադարձիս, թէ «գոհ մնացի՞ր»։ Ինչո՞ւ նման հարցում. ժողովի կ՚երթանք անձնական գոհացո՞ւմ ստանալու, թէ՞ մեր պարտականութիւնը կատարելու՝ հաւաքակա՛ն գոհացում ձեռք ձգելու համար։

Ճամբան երկար է, մեր հանգստաւէտ ինքնաշարժին մէջ մենք չորս ընկերներ ենք։ Այնպէս դասաւորուեցաւ, որ երկուքս բանաձեւի յանձնախումբի անդամ էինք այս ժողովին, երրորդն ալ մեր օգնականը՝ համակարգչային յարմարեցումներուն գծով։ Փակագիծի մէջ ըսեմ, կարծես ճակատիս վրայ գրուած է «բանաձեւի յանձնախումբի թեկնածու»։ Յաճախ կը մերժեմ, այս անգամ սակայն չհամարձակեցայ չընդունիլ։ Անշուշտ ուրիշ առաւելութիւն մըն ալ ունի այդ պաշտօնը. դիւանին կից սեղանի մը առջեւ կը նստինք ու շատ աւելի համապարփակ ընկալում մը կ՚ունենանք ժողովականներու ըսածներէն։

Խօսելիք շատ բան կայ, բայց եւ այնպէս մեր զրոյցը կը շեղի այլ ուղղութիւններով՝ քաղաքին անհամաչափ ընդլայնման, հետզհետէ բազմացող ու մեծցող ճանապարհներուն աւելի ու աւելի խճողման, ապագայ քաղաքներու նախագծման, ապագայ ընկերութիւններու կազմաւորման, ապագայ աշխարհի գոյառման մասին եւ այլն, որոնք, վերջին հաշուով, առնչուած են մե՛ր ալ ժողովին, որուն ամբողջ առանցքը ապագան է՝ ապագայ Հայաստանը, ապագայ Սփիւռքը, ապագայ հայութիւնը։ Մեր հայեացքը միշտ դէպի առջեւ ուղղուած պիտի ըլլայ։ Այլապէս ի՞նչ իմաստ ունին այս ժողովները, այս զոհողութիւնները։ Այդ վերջին բառը պէտք է չակերտէի – «զոհողութիւններ»…։ Ի՞նչ զոհողութիւն։ Ժողովի երթալը զոհողութի՞ւն։ Զոհողութիւնը անո՛նցն էր, ֆետայիներո՛ւնը, որոնք հաւատացին, որ «մահ իմացեալ՝ անմահութիւն է»։ Եւ մեր սահմաններուն վրայ նահատակուած զինուորներուն։ Մենք կը դաւանինք ֆետայիներուն ժառանգորդները ըլլալ, գուցէ անարժա՛ն ժառանգորդները…

Խօսակցութիւնն ալ կ՚երկարի։ Միայն անո՞նց ժառանգորդներն ենք։ Ամենեւին ոչ։ Մենք ժամանակակից սերունդն ենք Արտաշէս արքայի, Արշակ թագաւորի, Վրամշապուհի, Սահակ կաթողիկոսի ու Մեսրող Մաշտոցի, Մամիկոնեան Վարդանի ու Վահանի, եւ դեռ Աշոտ Երկաթի, Դաւիթ Բէկի ու Մխիթար Սեբաստացիի, Խրիմեան Հայրիկի եւ Դաշնակցութեան հերոսատիպ բոլոր խոնարհներուն, եւ Արամին ու Ռուբէնին ու միւսներուն։ Այդ պատմական դէմքերուն կուսակցութիւնները ի՞նչ կը կոչուէին, կամ անոնք կուսակցութիւն ունէի՞ն արդեօք, – չե՛մ գիտեր, կարեոր ալ չէ, բայց անոնց ազգային նպատակներու հետապնդումը մեզի է հասեր, եւ ա՛յդ գիտակցութեամբ է, որ պէտք է ապրինք։

Կ՚անցնինք ճամբուն եզերքը այս ուղեւորներուն ընծայուած հանգստավայրերէն, կանգ կ՚առնենք պարբերաբար։ Մեզմէ մէկը դիտել կու տայ, թէ ափսո՛ս, Հայաստանի մէջ նման կայքեր ստեղծելու գաղափարը միայն նոր է, որ մտածուեր է։ Լա՛ւ է, որ մտածուեր է։

Համաձայն կը գտնուինք բոլորս ալ, որ ժողովը շատ դրական մթնոլորտի մէջ ընթացաւ։ Ոմանք կը կարծեն, թէ դաշնակցական ժողովները այդքան կիրթ ըլլալու չեն, աւանդաբար կիրքերը արագ կը բորբոքին։ Բայց հիմա զգալի է, որ մեր հայրենիքի իրավիճակը ու անկէ բխած տրամադրութիւնները մեզ ա՛լ աւելի լուրջ ու սեւեռուն դարձուցած են, եւ մեր ուշադրութիւնը շատ աւելի կեդրոնացած պիտի ըլլայ մեր կազմակերպութեան հզօրացման վրայ՝ ի ծառայութիւն Հայրենիքի ու Սփիւռքի։

Ուրիշ ի՞նչ բան մեզ շատ տպաւորեց, – հարց կու տանք մենք մեզի։ Ինծի համար, որ մատի վրայ համրուող ներկաներէն մէկն էի՝ տարիներով ամենէն հարուստ, չափազանց ուրախալի էր, տեսնել քանի մը տարեկիցներ, – որոնց հետ քանի՜-քանի՜ անգամներ ենք մասնակցած նման ժողովներու, վիճած, հակաճառած, ապա համաձայնած, – ողջագուրուիլ անոնց հետ ու հաստատել, թէ տակաւի՛ն պատնէշի վրայ են՝ հիմա արդէն ամբողջովին սպիտակահեր, թէկուզ ոչ առաջուան թափով ու եռանդով, եւ ա՛լ աւելի ուրախալի՝ անդրադառնալ, որ անոնց՝ մե՛ր տեղը եկած ու գրաւած են արդէն մեր զաւակներու եւ թոռներու սերունդները։ Դրօշարշաւը կը շարունակուի, եւ դրօշը ստանձնածները հո՛ն են։

Ահա կ՚անցնինք հսկայ կարմիր խնձորին քովէն, որ խորհրդանշանն է խնձորի շատ համեղ բլիթ արտադրող այդ հաստատութեան, բայց կանգ չենք առներ։ Ժամանակը արդէն յառաջացած է, ու դեռ ճամբայ կայ մինչեւ Մոնթրէալ…

«Դրօշակ», 2024-11