Արցախը Մենք Ենք, Հայաստանն է, ու Սահմաններ Չկան. Յասմիկ Մովսիսեան

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Բեմադրիչ Յասմիկ Մովսիսեանի «250 քմ» ֆիլմը ընդգրկուած է «Օսքար» մրցանակաբաշխութեան յաւակնորդներու երկար ցանկին մէջ։ Շարժանկարը  2024 թուականի շարժանկարի ակադեմիայի որակաւորման փառատօնին  արժանացած է 51-րդ Athens International Film Festival-ի Առաջին մրցանակին։

Այս մասին, ըստ «ԱՊԱՌԱԺ»-ի, կը գրէ OBERTON-ի Facebook-ի էջը։

«250 քմ» ֆիլմի բեմադրիչ Յասմիկ Մովսիսեանը 2022-ին շարժանկարի աշխարհին տուած հարցազրոյցին ընթացքին համոզուած կ՝ըսէր, որ կեանքի մէջ ամէն ինչ կը սկսի մէկ պահէ։ 2020 թուականին ան հասարակական լրատուամիջոցի համար կը վաւերագրէր մարդասիրական օգնութեան կազմակերպումը (կ՝ուսանէր Մոսկուայի մէջ)։ Լսելով 14-ամեայ Վահէի ու 11-ամեայ Աշոտի մասին, որոնք, մեքենայով իրենց ընտանիքները Արցախէն հասցուցած էին Հայաստան, «ինքն իր մէջ երեխայի թրթիռ կը զգայ եւ կը հասկնայ, որ ատիկա խաղարկային ֆիլմի նիւթ է»։ Յասմիկը այդ ժամանակ նախագիծը կը ներկայացնէ Մոսկուայի Գերասիմովի անուան շարժանկարի համառուսական պետական ուսումնարան։

Ան այսօր ալ ունի նոյն համոզմունքը, որ Արցախը Խորհրդային միութեան «կոյր աղիքը» չէ, որ «Արցախը մենք ենք, Հայաստանն է, ու սահմաններ չկան։ Ամէն ինչ կախուած է այն բանէն, թէ ինչպէս կը մատուցես քեզ աշխարհին՝  իբրեւ հնագոյն ազգ, որ ամէն հարուածէ կը խեղճանա՞յ, թէ՞ ազգ,  որ կը շարունակէ ապրիլ Ցեղասպանութենէն ետք»։

Ֆիլմի համաշխարհային յաջողութիւնները եւ տասնեակէ աւելի միջազգային մրցանակները կը վկայեն այն մասին, որ հայ ստեղծագործողները ունին հնարաւորութիւն արուեստի միջոցով միջազգային լսարաններու հետ երկխօսելու եւ բանակցելու բացառիկ ներուժ՝ կրելով պատմութեան ուժն ու դիմացկունութիւնը՝ շնորհիւ նաեւ ֆիլմի ստեղծագործական խումբի բացառիկ աշխատանքին։ Oberton-ի համար մեծ պատիւ է մասնակցութիւնը իբրեւ այս տպաւորիչ կարճ ֆիլմի համարտադրող եւ ձայնային յետարտադրութեան գործընկեր։