Մշակոյթ Ապագայի Համար. Արդ Եւս|in view 2024 – 2025. Միակ Նպաստի Ծրագիրը Արեւմտահայերէնով Յառաջադէմ Մշակութային Կիրարկութեան Համար

Սփիւռք

Մշակոյթապագայիհամար

արդեւս|in view 2024 – 2025. միակ նպաստի ծրագիրը արեւմտահայերէնով յառաջադէմ մշակութային կիրարկութեան համար.

Մշակոյթ՝ ընկերային առաջընթացի, կլիմայի պաշտպանութեան եւ ժողովրդավարութեան համար:

Մշակոյթը, որպէս մարդու արտայայտութեան հիմնարար միջոց, անխուսափելիօրէն կ՚ազդէ հասարակութիւններու հիւսուածքին եւ հետեւաբար նաեւ անոնց ապագային վրայ: Մշակոյթը պերճանք չէ, այլ անհրաժեշտութիւն՝ կերտելու յարակցական, հաւասար, կայուն եւ ազատ հասարակութիւններ, եւ հետեւաբար աւելի առողջ ապագայ:Մշակոյթը չի յաւակնիր ըլլալ բոլոր խնդիրներու միակ կամ արագ լուծումը, սակայն մեր առջեւ ծառացած այսօրուայ հիմնախնդիրներէն ո՛չ մէկը կարելի է քննական հայեացքով վերլուծել՝ առանց մշակութային հէնքի: Ժողովրդավարական մղումներուն հանդէպ սպառնալիքները, կենսոլորտի աղէտը, թուային թեքնաբանութեան մարտահրաւէրները, աճող անհաւասարութիւնները եւ նոյնիսկ պատերազմները, բոլորն ալ խոր մշակութային փոխկապակցումներ ունին:Ի տարբերութիւն զուտ գործնապաշտ եւ կարճաժամկէտ ռազմավարութիւններուն, որոնք կը մշակուին եւ կ՚որդեգրուին ի դէմս աշխարհին դիմագրաւած ճգնաժամերուն եւ սրընթաց փոփոխութիւններուն, մշակոյթի ունեցած ազդեցութիւնը աւելի խորքային է, համապարփակ եւ ոչ անմիջապէս չափելի։ Մշակութային ոլորտը եզակի խթան է քննական մտածողութեան զարգացումին, բազմակարծութեան, հասարակական վերափոխումին եւ քաղաքացիական ներգրաւուածութեան: Այսպիսով, ան կենսական նշանակութիւն մը ունի յառաջդիմութեան եւ զարգացումի համար:Հայերը միշտ եղած են մշակութային փոխանակումի եւ բազմազանութեան տարբեր հատումներու եւ խաչմերուկներու վրայ: արդ եւս|in view ծրագիրը կ՚արժեւորէ այս բազմազանութիւնը եւ կը միտի նպաստելու անոր՝ ստեղծելով բազմաձայնութիւնը լսելի դարձնելու նախադրեալներ, եւ փոխադրելու այս տարատեսակ ու բազմամշակոյթ փորձառութիւնները դէպի լեզու, դէպի արեւմտահայերէ՛ն։ Վերջինս որպէս լեզուի զարգացման մղիչ ուժ, լեզուն կը դարձնէ աւելի կենսունակ ու կ՚ապահովէ անոր տեղը որպէս աշխարհի լեզու. կ՚օգնէ որ այս նորարար մշակոյթը սպառողներուն քաղաքացիական յանձնառութիւնը հարստանայ, անոնց դիմակայութիւնը զարգանայ եւ առկայ մարտահրաւէրներուն ստեղծագործ լուծումներ գտնուին։Այս նպաստի ծրագիրով եւ մշակոյթի ուժով կը ձգտինք ստեղծելու հայկական նոր պատումներ որոնք հիմնուած ըլլան ստեղծագործութեան, մարդկային արժանապատւութեան, զօրակցութեան եւ համամարդկային արժէքներու վրայ:

Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել այս էջը, եւ կարդալ Դիմումներույայտփաստաթուղթը։

Դիմելու համար հետեւիլ այս յղումին՝ Դիմել։