«Պոսթըն Սիմֆընի»-ն Նուագեց Հայոց Ցեղասպանութեան Նուիրուած Մայքըլ Կանտոլֆիի «Բարձրացող Լոյս» Գործը
«ՀԱՅՐԵՆԻՔ»
Յաջորդաբար երեք անգամ, Հոկտեմբեր 10-12, «Պոսթըն Սիմֆընի»-ն նուագեց ամերիկացի յօրինող Մայքըլ Կանտոլֆիի «Բարձրացող լոյս» գործը, որ ի յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն համար պատրաստուած յատուկ գործ մըն է։
Երգեհոնի համար պատրաստուած այս գործը, որ գրեթէ երեսուն վայրկեանուայ տեւողութիւն մը ունի, առաջին անգամ ներկայացուած էր նոյնիքն «Պոսթըն Սիմֆընի»-ին կողմէ, Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առթիւ, Մարտ 26, 2015-ին ղեկավարութեամբ մաէսթրօ Անտրս Նիլսոնի կողմէ։ Իսկ երգեհոնահարն էր Ֆրանսայի Օլիվիէ Լեթրի (ժամանած Փարիզի «Նոթր Տամ» եկեղեցիէն)։
Նոյնինքն Լեթրին նուագեց այս նոյն գործը, այս անգամ ղեկավարութեամբ «Պոսթըն Սիմֆընի»-ի օգնական ղեկավար, նախկին թաւջութակահար Սամի Ռաշիտի։
Կալնտոլֆիի (ծնած 1956-ին Մասաչուսէցի Մելրոզ շրջանը, եւ այժմ Քէյմպրիճաբնակ) վստահուած էր, այս գործի յօրինումը մեկենասութեամբ «Կոմիտաս երգեհոնի հիմնարկ»-ի, որուն մեկենասն էր հանրածանօթ պոսթընահայ երգեհոնահար Պերճ Ժամկոչեանը (1929-2004)։
Կանտոլֆի մանրամասնօրէն ուսումնասիրած էր Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ այդպէս ալ տեղեկութիւններ փոխանցեց բեմահարթակ բարձրանալով։ Ցեղասպանութեան ահաւոր եւ յուզիչ տեսարաններն ու յատկապէս Վարդապետ Կոմիտասի գործերը մեծ ազդեցութիւն ձգած են այս յօրինողին վրայ։ Նաեւ աղօթքներն ու պատարագները մղած են զինք, որ պատրաստէ այս ազդեցիկ գործը, որուն պատրաստութիւնը սկսած էր 2009ին եւ աւարտած 2014-ին։
Յատկապէս հայորդիին համար, իւրայատուկ է այս գործը որ կ՛ընդգրկէ կոմիտասեան երանգներ եւ տոհմիկ կշռոյթներ եւ անշուշտ եկեղեցւոյ զանգի ղօղանջը։
Երգեհոնի կողքին, նաեւ ներկայութիւն են փողային եւ յատկապէս հարուածային գործիքները։
Ռաշիտի համար սխրանք մըն էր նմանօրինակ գործ մը ղեկավարելը, իսկ Լեթրի, որ յետագային նաեւ նուագեց Քամիլ Սէն Սանսի երգեհոնի «քոնրերթօ»-ն, անգամ մը եւս խոր ապրումներով տիրապետեց եւ լուռ ունկնդրութիւն պարտադրեց։