Մեր Դուռը Թակողը Անպատասխան Չենք Ձգեր․ ՀՕՄ-ը Պիտի Շարունակէ Գործել Վերաբացուած Գրասենեակին Մէջ (տեսանիւթ)

Հայաստան, Սփիւռք

Հայ օգնութեան միութեան Հայաստանի շրջանային վարչութեան գրասենեակը, որ բարեկարգուած ու նորացուած է, վերաբացուեցաւ Չարենցի 20 հասցէին վրայ։ Այս մասին կը հաղորդէ «ԵՐԿԻՐ»-ը։

ՀՕՄ-ը՝ յանձին հայաստանեան գրասենեակի, տարիներ շարունակ իր շուրջը համախմբած է հայրենատէր եւ հայրենակիցներու ճակատագրով մտահոգ բարերարներ, արժանապատիւ հայեր, որոնցմէ՝ Ալիս Կիւրեղեանին վերապահուեցաւ գրասենեակին վերաբացման պատիւը։

Մանրամասն՝ տեսանիւթով․