Հայոց Ցեղասպանութեան Թեման Պիտի Ներառուի Աւստրալիոյ Ամենամեծ Նահանգի Դպրոցներու Կրթական Ծրագրին Մէջ
Հայոց Ցեղասպանութեան թեման պիտի ներառուի Աւստրալիոյ ամենամեծ նահանգի՝ Նոր Հարաւային Ուելսի դպրոցներուն մէջ՝ պատմութեան դասի ծրագրով, որ թողարկած է նահանգի Կրթական չափանիշներու մարմինը: Այս մասին կը յայտնէ anc.org.au-ն։
Աշակերտները պիտի ծանօթանան նաեւ ասորիներու եւ յոյներու ցեղասպանութեան թեմաներուն:
Որոշումը ուժի մէջ պիտի մտնէ 2027-ին։