Արցախի Հարցը Փակուած Չէ Ո՛չ ՀՀ-ի, Ո՛չ Ալ Դաշնակից եւ Գործընկեր Պետութիւններու Համար․ Genesis Armenia

Հայաստան

2020 թ․ Սեպտեմբեր 27-ին Արցախի դէմ ազրպէյճանի սանձազերծած 3-րդ պատերազմը ուղեկցուեցաւ մարդկութեան դէմ ռազմական ծանր յանցագործութիւններով, որոնք դեռ չեն արժանացած համաշխարհային հանրութեան պատշաճ գնահատականին ու չեն դատապարտուած եւ պատժուած միջազգային իրաւունքի չափանիշներով ու դրոյթներով։

Պատերազմի հետեւանքը եղաւ Արցախի աստիճանական բռնագրաւումը, բնակչութեան հայրենազրկումը, մարդկային մեծաթիւ զոհերու վիճակագրութիւնը, նիւթական ահռելի միջոցներու գրաւումը, ռազմագերիներու ապօրինի պահումը։ 3 տասնամեակի ընթացքին Արցախի դէմ պաքուի մղած 3-րդ պատերազմը սկիզբ դրաւ ՀՀ անվտանգային համակարգի տկարացման ու նոր յարձակման վտանգներու աւելնալուն: Այս ամէնուն գումարուեցաւ ՀՀ իշխանութեան անհաւասարակշիռ արտաքին քաղաքականութիւնը, որմով 2022թ. Հոկտեմբեր 6-ին Արցախը ճանչցուեցաւ ազրպէյճանի կազմին մէջ եւ փաստացի օրինականացուեցաւ ազրպէյճանի հայասպան քաղաքականութիւնը։

Հայ հանրութիւնը կ՝ակնկալէ եւ կը սպասէ պատերազմի պատճառներու եւ հետեւանքներու մասնագիտական մանրազնին քննութիւն եւ իրական արդարադատութիւն։ Պատերազմի ամբողջական հանգամանքները անաչառ կերպով կրնան քննուիլ միայն ՀՀ դատական ատեաններու կողմէ եւ միայն ազգային իշխանութեան հաստատումէն ետք: Ասիկա անհրաժեշտ է համայն հայութեան գոյութեան պաշտպանութեան եւ յետագային Հայկական պետականութեան դէմ մարտահրաւէրին պատրաստ ըլլալու, հակահայկական ցեղասպանական ծրագրերը դիմագրաւելու, թուրքիոյ եւ ազրպէյճանի հետ յարաբերութիւններուն մէջ հայկական անվտանգային առաջնահերթութիւնները սահմանելու, մեր շահերը ձեւակերպելու, պետական եւ ռազմական յանցագործները պատժելու եւ արդար խաղաղութեան հասնելու համար։ Ցեղական զտման յանգամանքներու քննութիւնը կարեւոր է նաեւ ՀՀ արտաքին քաղաքականութեան ճարտարապետութեան վերակառուցման եւ դաշնակիցներուն հետ նոր որակի յարաբերութիւններու հիմք ստեղծելու համար։

Արցախի հարցը փակուած չէ ո՛չ ՀՀ-ի, ո՛չ ալ դաշնակից եւ գործընկեր պետութիւններու համար։ Արցախի ցեղական զտման բոլոր յանգամանքներուն քննութիւնն է միայն որ կրնայ միջազգային իրաւունքի տառին համաձայն հիմնաւորել հայերու Արցախ վերադառնալու բոլոր հիմքերը։ Սակայն հարցի լուծման առաջին եւ առանցքային քայլը ՀՀ-ի մէջ ազգային իշխանութեան հաստատումն է, որուն շնորհիւ ՀՀ-ը պիտի դառնայ լիարժէք հետեւողական եւ պահանջատէր կողմ։

Genesis Armenia ուղեղային կեդրոն-հիմնադրամը իր բոլոր ջանքերը պիտի ուղղէ վերը նշուած նպատակներու իրականացման` յանուն պետականութեան վերականգնման եւ հզօրացման, արդար հայկական հասարակութեան կերտման։

Մեր խորին ցաւակցութիւնը 44-օրեայ պատերազմին անմահացած զոհերու հարազատներուն:

Genesis Armenia ուղեղային կեդրոն-հիմնադրամ