«Փրկենք Հայկական Ժառանգութիւնը – Արցախը» Յուշ Երեկոյ՝ Վենետիկի Սուրբ Ղազար Մխիթարեան Մայրավանքին Մէջ

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

«ՀՈՐԻԶՈՆ»

Կիրակի, 22 Սեպտեմբեր 2024-ին, երեկոյեան ժամը 5.00-ին, Վենետիկի Սուրբ Ղազար Մխիթարեան Մայրավանքին մէջ տեղի ունեցաւ «Փրկենք հայկական ժառանգութիւնը – Արցախը» խորագիրով Արցախի նուիրուած յուշ երեկոյ, որպէս եզրափակում Եւրոպայի զանազան երկիրներու մէջ Արցախի նուիրուած ձեռնարկներուն, կազմակերպութեամբ եւ համագործակցութեամբ Մխիթարեան Միաբանութեան, Արցախի Հայ Առաքելական Թեմի յանձինս` Տ. Վրթանէս Եպս. Աբրահամեանի եւ «Մունք» Գերմանիա կազմակերպութեան գլխաւոր ներկայացուցիչ Այլին Բերդուդ Մորէնոյի։

Յայտագիրը սկիզբ առաւ արմատներով արցախցի Լուիզա Օհանէսեանի հայկական նազ պարով, որմէ ետք ներկաները ուղղուեցան եկեղեցի, ուր Հ. Համազասպ Վրդ. Քէշիշեան բարի Գալուստ մաղթեց մասնակիցներուն եւ հակիրճ կերպով ներկայացուց ոգեկոչման շարժառիթը, Ատրպէյճանի կողմէ վերջին 4 տարիներուն իրականացած յարձակումներուն եւ պատերազմներուն հետեւանքով Արցախ Հայրենիքի կորուստն ու անոր հայաթափումը, հազարաւոր հայ երիտադարդներու նահատակութիւնը, հոգեւոր եւ մշակութային սրբատեղիներու եւ յուշակոթողներու անհետացման սպառնալիքը եւ ոմանց հիմնայատակ կործանումը, այս բոլորը քաղաքակիրթ սեպուած եւ մարդու իրաւունքներու «պաշտպան հանդիսացող» երկիրներու աչքին դիմաց։ Խաղաղութիւն չենք կրնար ունենալ, եթէ արդարութիւն գոյութիւն չունենայ։

Պատմութեան մէջ առաջին անգամը չէ, որ մենք անարդարութիւն կը կրենք։ Ժամը հասած է, որ մենք պատմութենէն դաս քաղենք եւ մեր յոյսը չդնենք այլ երկիրներու կամ պետութիւններու վրայ, այլ վստահինք Աստուծոյ եւ մեր հաւաքական ուժին վրայ։

Արցախի Թեմի առաջնորդ Տէր Վրթանէս Եպիսկոպոս Աբրահամեան իր վկայութիւնը տուաւ Արցախի աղէտը ներկայացնելով եւ իր խօսքին մէջ յոյս յայտնեց, որ միջոցառումներու այս շարքը հնարաւորութիւնը կու տայ մէկ անգամ եւս քրիստոնէական աշխարհին իրազեկ դառնալու Ատրպէյճանի իրականացուցած էթնիկ եւ մշակութային ցեղասպանութեան մասին։ Ան նշեց, որ Արցախի վրայ յարձակումէն ընդամէնը մէկ տարի ետք Ատրպէյճանը արդէն ոչնչացուցած է հայկական մշակութային յուշարձաններու աւելի քան 15 տոկոսը։ Վրթանէս Եպիսկոպոսը յոյսով է, որ այս ջանքերը կը նպաստեն Հայաստանի, Սփիւռքի եւ Արցախի ժողովուրդի միասնութեան ամրապնդման` հայոց հզօր պետականութեան կերտման գերնպատակով։

Horizon Weekly Newspaper

Տիկին Այլին Մելքոմեանց շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն՝ իրենց մասնակցութեան համար, եւ Մխիթարեան Միաբանութեան այս կարեւոր միջոցառումը հիւրընկալելուն։ Արցախահայութեան ամբողջական էթնիկ զտման յիշատակման առաջին տարուան միջոցառումները ծրագրաւորելու ընթացքին, խորհուրդներով ու աջակցութեամբ իր հետ կապ հաստատեցին բազմաթիւ հին ու նոր ընկերներ։ Այդ ընկերներէն մէկն էր Լուիս Մորէնօ Օկամպօն՝ Հաագայի միջազգային դատարանի հիմնադիրն ու առաջին դատախազը։ Երկու բաց նամակներով պարոն Օկամպօն հայերուն ընդհանուր կոչ ըրած է` Ատրպէյճանի մէջ կայանալիք COP29 կլիմայական համաժողովի ծիրէն ներս յստակ ձայն բարձրացնել Արցախի Հայոց ցեղասպանութեան մասին:

Այո՛, Հայաստանը 110 տարի անց դարձեալ ցեղասպանութեան զոհ դարձած է՝ 1915-ին սպաննուեցան 1,5 մլն մարդ, 2023-ին՝ 150.000-էն աւելի մարդ, որոնք արմատախիլ եղան իրենց հազարամեայ պապենական հողէն։ Ժամանակն է, որ աճող հայկական սփիւռքը համախմբուի եւ համայն աշխարհին տեղեկացնէ եւ ուշադրութեան հրաւիրէ իրավիճակին մասին՝ անիմաստ պատերազմներ ու կռիւեր մղելու փոխարէն։ Այսուամենայնիւ, ցանկալի խաղաղութիւնը նախ արդար հիմք կը պահանջէ, ընդգծած է պարոն Օկամպօն։ Ատոր համար էական նշանակութիւն ունին անարդարացիօրէն բանտարկուած ռազմագերիներու ազատ արձակումը եւ հայութեան անվտանգ վերադարձը դէպի Արցախ։

Գանատայէն Վենետիկ ժամանած Մխիթարեան նախկին սան` Յարութիւն Մարտիրոսեան իր սրտի խօսքը արտասանեց որպէս ցեղասպանութիւն ապրած ընտանիքի շառաւիղ։

Հանդիսութիւնը կ’ընդգրկէր նաեւ գեղարուեստական յայտագիր. Հանրայայտ երաժիշտ դուդուկահար Գէորգ Տապաղեանը նուագեց հոգեւոր եւ ժողովրդական մեղեդիներ, որմէ ետք Մեներգող Մարիա Ապաճեան Շապեր Տուտուկի եւ երգեհոնի ընկերակցութեամբ հանդէս եկաւ Կոմիտասի «Ծիրանի ծառ» եւ «Կանչէ կռունկ» երգերով։

Երեկոն աւարտին հասաւ Արմաւիրի Հայ Առաքելական առաջնորդ Սիոն Եպս. Ադամեանի եզըափակիչ խօսքով ու «Պահպանիչ» աղօթքով։