Ռոստովի Շահումեան Համայնքին Մէջ Տեղի Ունեցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը Վերապրածներու Ժառանգներու Կողմէ Կառուցուած Հայկական Եկեղեցւոյ Օծումը
Ռուսիոյ Դաշնութեան Ռոստովի մարզի Եգորլիկսկի շրջանի Շահումեան համայնքին մէջ, Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Ռուսիոյ եւ Նոր Նախիջեւանի թեմի առաջնորդ Եզրաս արքեպիսկոպոս Ներսիսեանի հանդիսապետութեամբ, տեղի ունեցած է նորակառոյց հայկական եկեղեցւոյ օծման եւ բացման հանդիսաւոր արարողութիւն:
Armenpress.am-ի տեղեկութիւններով՝ եկեղեցին կառուցուած է Մուշէն Ռոստովի մարզ բռնագաղթած հայերու ժառանգներու նախաձեռնութեամբ, որոնք մեծ մասամբ հաստատուած են Շահումեան համայնքին մէջ։
Քարոզի իր խօսքին մէջ թեմակալ առաջնորդը շեշտած է, որ աւելի քան 100 տարի առաջ Մուշի Հայոց Ցեղասպանութիւնը վերապրածներու ժառանգները այսօր դարձած են Ռուսիոյ օրինապահ եւ ազնիւ քաղաքացիներ եւ եկեղեցի կառուցելով՝ կը վկայեն, որ հաւատարիմ են իրենց նախնիներու հաւատքին, սրբութիւններուն, ինքնութեան, հայրենիքին:
Օծման արարողութեան մասնակցած են ՀՀ գլխաւոր հիւպատոս Լեւոն Մինասեանը, Ռոստովի մարզի նահանգապետ Վասիլի Կոլուպեւը, մարզային եւ քաղաքային իշխանութիւններու ներկայացուցիչներ:
Շնորհաւորելով հայ համայնքը եկեղեցւոյ օծման առիթով՝ նահանգապետ Վասիլի Կոլուպեւը նշած է, որ պատմական յիշողութեան պահպանումը, սրբավայրերու վերականգնումն ու կառուցումը հասարակութեան համախմբման ընդհանուր, կարեւոր խնդիր է:
Եկեղեցւոյ բացման արարողութիւնը ուղեկցուած է ազգային երգ ու պարով, մատաղի մատուցմամբ:
Շահումեանի՝ 30 մեթր բարձրութեամբ նորակառոյց հայկական եկեղեցին կառուցուած է Հայաստանէն բերուած վարդագոյն տուֆով։ Հիմքերու օծման արարողութիւնը կատարուած էր 2017 թուականին։