Սուրբ Աննա Եկեղեցիին Մէջ Պիտի Կատարուի Միասնական Աղօթք՝ պաքուի Բանտին Մէջ Հայ Պատանդներու եւ Գերիներու ու Անոնց Տունդարձի Համար

Հայաստան

Սեպտեմբեր 27-ին, ժամը 17,00-ին, Երեւանի Սուրբ Աննա եկեղեցւոյ մէջ (Աբովեան եւ Սայաթ-Նովա խաչմերուկ) հոգեւոր հովիվ Տէր Զէնոն քահանայ Բարսեղեանի ձեռամբ պիտի կատարուի միասնական աղօթք՝ պաքուի բանտին մէջ ապօրինի պահուող բոլոր հայ պատանդներու եւ գերիներու ու անոնց տունդարձի համար։

Մէկ տարի առաջ, Սեպտեմբեր 27-ին, հազարաւոր արցախցիներու հետ Հայաստան բռնի տեղահանման ճանապարհին, Հակարի կամուրջի մօտ ազրպէյճանի կողմէ ձերբակալուեցաւ եւ պաքուի բանտ տեղափոխուեցաւ յայտնի բարերար եւ մարդասէր Ռուբէն Վարդանեանը: Ռուբէն Վարդանեանի ձերբակալութեան յաջորդեցին Արցախի նախկին քաղաքական ու ռազմական եօթը գործիչներու ձերբակալութիւնները: Ներկայիս պաքուի բանտերուն մէջ ապօրինի կը պահուին երկու տասնեակէ աւելի հայեր: