Գանատայի Յայտարարութիւնը Նախադէպ Կը Ստեղծէ, որ Այլ Պետութիւններ Եւս Խօսին Արցախի Հարցին Մասին. Սեւակ Պելեան
Գանատայի յայտարարութիւնը նախադէպ կը ստեղծէ, որ այլ պետութիւններ եւս խօսին Արցախի հարցին մասին. Սեւակ Պելեան
Գանատայի Արտաքին Գործոց նախարարը յայտարարութիւն մը հրապարակած է Արցախի հայաթափման առաջին տարելիցին առիթով, որուն մէջ յստակօրէն կ’արձանագրուի գերիներուն եւ պատանդներուն անյապաղ ազատ արձակման անհրաժեշտութիւնը, Արցախի ժողովուրդին վերադարձի իրաւունքն ու հակամարտութեան կարգաւորման համար անհրաժեշտ ինքնորոշման իրաւունքի յարգումը:
Alpha News-ը այս թեմային մասին զրոյց մը ունեցած է ՀՅԴ Գանատայի Հայ Դատի Օթթաուայի գրասենեակի պատասխանատու Սեւակ Պելեանին հետ:
Անոր խօսքով՝ առաջին անգամը չէ, որ նախարար Մելանի Ժոլին նման յայտարարութիւն կը հրապարակէ:
«Վերջին տարիներուն ան քանի մը առիթով բաւականին հայամէտ յայտարարութիւններ կատարած է: Նոյնիսկ անցեալ Հոկտեմբերին ան անձամբ ներկայ եղած էր Երեւանի մէջ Գանատայի դեսպանատան բացումին, ուր ունեցած էր բազմաթիւ հանդիպումներ, այցելած է նաեւ Ջերմուկ՝ միանալով Եւրոպական Միութեան դիտորդական խումբին՝ դիտարկելու իրավիճակը այնտեղ, ինչպէս նաեւ աջակցելու Գանատայի մասնակցութեան այդ դիտորդական առաքելութեան մէջ: Ինչպէս գիտէք, Գանատան ոչ եւրոպական միակ երկիրն է, որ մասնակից է այդ առաքելութեան: Եւ նորութիւն չէ կողմերուն համար՝ ըլլայ Ատրպէյճանի, Հայաստանի կամ միջազգային հանրութեան, որ Գանատան ունի բաւականին յստակ հայամէտ կեցուածք՝ յատկապէս արցախեան դէպքերէն ետք: Մելանի Ժոլին նախքան ԱԳ նախարար նշանակուիլն իսկ շատ մօտ յարաբերութիւններ ունեցած է հայ համայնքին հետ, եւ այս յայտարարութիւնները միայն քաղաքական շահեր ապահովելու համար չեն: Ան նաեւ միջազգային հարթակներու ուղղութեամբ աշխատանքներ կը տանի, որ առաջնային կերպով ներկայացուի հայկական հարցը», նշած է ան:
Խօսելով յայտարարութեան կարեւորութեան մասին՝ Պէլեան ընդգծած է, որ այն շատ համապարփակ է, եւ մէկ յայտարարութեան մէջ ներառուած են բոլոր հիմնական կէտերը:
«Ինչ կը վերաբերի մեր ռազմագերիներուն տուն վերադարձին, արցախցիներուն վերադարձին, ինքնորոշման իրաւունքին, պատմամշակութային կոթողներուն պաշտպանութեան, այս բոլոր հարցերուն վերաբերեալ Գանատան 2020 թ-էն ի վեր բազմիցս խօսած է: Բայց եթէ խօսինք յատկապէս այս յայտարարութեան կարեւորութեան մասին, պէտք է ընդգծենք մի քանի կէտեր: Նախ նկատի ունենանք, որ այսօր Գանատան միակ երկիրն է, որ կը նշէ արցախահայութեան բռնի տեղահանման առաջին տարելիցը: Առնուազն մեր տեղեկութիւններով՝ չկայ որեւէ այլ երկիր, որ նման յայտարարութիւն տարածած ըլլայ: Խօսելով կրկին յայտարարութեան կարեւորութեան մասին՝ նշեմ, որ շատ համապարփակ է, մէկ յայտարարութեան մէջ ներառուած են բոլոր հիմնական կէտերը, եւ կը ներկայացուի որպէս պետական յստակ դիրքորոշում բոլոր հարցերուն վերաբերեալ: Այս յայտարարութիւնը նաեւ նախադէպ կը ստեղծէ, որ այլ պետութիւններ եւս խօսին Արցախի հարցին մասին, տարելիցին մասին, եւ տեղի չտան ատրպէյճանական պնդումներուն, ու այս հարցը պատմութեան աղբամանին մէջ տեղ գտնէ», եզրափակած է Պելեան:
Մանրամասնութիւնները՝ տեսանիւթով.