Արցախի Հայաթափման Առաջին Տարեդարձին Նուիրուած Ոգեկոչում՝ Կլենտէյլի Արցախ Թաղին Վրայ
Ուրբաթ, 20 Սեպտեմբերի երեկոյեան, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ «Մինչեւ մեր վերադարձը» խորագրուած հաւաքը, Կլենտէյլի Արցախ թաղին մէջ։ Այս մասին կը հաղորդէ «Ասպարէզ»-ը։
Ձեռնարկը նուիրուած էր հայութեան չընկրկող ոգիին, դիմադրողականութեան, ինչպէս նաեւ արցախահայութիւնը ապահով եւ երաշխաւորուած միջոցներով Արցախ վերադարձնելու եւ արդարութեան հասնելու ջանքերուն։
Հաւաքը, որուն մասնակցեցան նաեւ Հայաստանի մէկ մասնիկը հանդիսացող Արցախէն բռնի տեղահանուած հայորդիներ, սկսաւ Արցախի քայլերգին՝ «Ազատ Ու Անկախ Արցախ»ին երգեցողութեամբ, արցախահայ Անտրէ Յովնանեանի կատարողութեամբ։
Պահ մը յոտնկայս լռութեամբ յարգուեցաւ Արցախի ազատագրութեան պայքարի զոհերուն յիշատակը, որմէ ետք Ազգային առաջնորդարանի ներկայացուցիչը կատարեց բացման աղօթքը։
Լանա Տոլմաճեան փոխանցեց Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան խօսքը, իսկ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանի պատգամը՝ Ճոզէֆ Քասքանեան։
Գլխաւոր բանախօսն էր Մարինէ Չարշաֆճեան, որ տպաւորիչ կերպով նկարագրեց Մարտունիէն բռնի կերպով տեղահանուելու եւ ճամբուն վրայ զաւակը երկնելու իր փորձառութիւնը։ Ան նաեւ մանրամասնութիւններ տուաւ «Լորիկ» կազմակերպութեան մասին, որ Արցախէն տեղահանուած հայերուն Հայաստանի մէջ բնակարաններ ապահովելու աշխատանքը կը տանի։
Այս ծրագրին համար ՀԵԴն արդէն իսկ հանգանակած է 40,000 տոլար։ Անոր զօրակցելու համար այցելել www.lorikhf.org կայքը։
Բոլոր բանախօսները միասնականութեան եւ Արցախի հայութեան իրաւունքները ապահովելու կոչեր ուղղեցին՝ յոյժ կարեւոր նկատելով Արցախի ազատագրումը։
Աւարտին, ՀԵԴականներ եւ Աննա Չիլինկիրեան երգեցին ազգային եւ հայրենասիրական երգեր։