Արցախի Կառավարութեան Հաշուարկներով Այնտեղ Մնացած Է Մօտաւորապէս 100 Միլիառ Տոլարի Գոյք. Արցախի Նախագահի Նախկին Խորհրդական

Հայաստան

«Մէկ տարի` առանց Արցախի. վիճակագրութիւն եւ ռազմավարական հեռանկար» խորագիրով խորհրդաժողովին ընթացքին Արցախի նախագահի նախկին խորհրդական, «Genesis Armenia» վերլուծաբանական կեդրոնի փորձագէտ, պատմաբան Արմէն Սարգսեան ներկայացուց Արցախի կորուստները` թիւերով եւ յստակ տուեալներով: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆը կը տեղեկանայ «ՀՈՐԻԶՈՆ»-էն։

«Մենք պէտք է ամբողջովին եւ մանրամասն իմանանք Արցախի մէջ ունեցած մեր կորուստները, որ երբ վերադառնանք Արցախ, կարենանք համեմատել ազերիներու ոճրագործութիւնները եւ յստակ թիւերով ներկայացնել»,- ըսաւ ան:

Ըստ Սարգսեանի, Արցախի կառավարութեան հաշուարկներով, Արցախի մէջ մնացած են 100 միլիառ տոլարի գոյքեր, բայց դժուար է գնահատել, որովհետեւ բնակարաններուն 30 տոկոսը 18-րդ դարուն կառուցուած է:

«Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մնացած են` 12 քաղաք, 241 գիւղ, 11 հազար 450 բնակարան, 13 հազար 550 տուն, 60 գործարան, 15 ձեռնարկութիւն, 385 եկեղեցի, 400 միջնադարեան գերեզմանատուն, 25 թանգարան, 37 ջրելեկտրակայան, 48 հանք, 4 ջրամբար, աւելի քան 5 հազար մշակութային յուշարձան, 232 դպրոց, 4 համալսարան, 7 քոլեճ, 5 մարզադաշտ, 11 մարզադպրոց եւ նոյնքան ալ հիւանդանոց: Այնտեղ մնացած են 58 հազար մանր եղջերաւոր անասուն, աւելի քան 45 հազար խոշոր եղջերաւոր անասուն, 174 հազար թռչուն, 21 հազար խոզ, աւելի քան 2 հազար միաւոր գիւղատնտեսական ճարտարարուեստի գոյքեր, 445 քիլոմեթր կուպրապատուած ճանապարհ եւ աւելի քան 35 հազար փոխադրամիջոց»,- յայտնեց Սարգսեան:

Ան դիտել տուաւ, որ Արցախի բնակչութեան թիւը մինչեւ 2020-ի պատերազմը եղած է 147 հազար:

Ժողովին ընթացքին խօսք առաւ նաեւ «Genesis Armenia» կեդրոն-հիմնարկի տնօրէն, դոցենտ Աբրահամ Գասպարեան, որ ըսաւ հետեւեալը. «Այս ռազմավարութիւնը հեռու է սիրողական եւ կենցաղային մօտեցումներէն, կը յենի միջազգային իրաւունքի եւ կիրարկութեան անաչառ եւ բանական ուսումնասիրութեան, թեմային վերաբերող հետազօտութիւններու եւ մասնագիտական մօտեցումներու վրայ»:

Գասպարեան նշեց, որ նաեւ կը կատարուի գոյքագրման գործընթաց մը, որ մասնագիտական հանրութեան կարելիութիւն պիտի տայ հասնիլ Արցախի հայաթափման միջազգային դատապարտման:

«Չենք խօսիր հատուցման կարելիութեան մասին, որովհետեւ ի սկզբանէ չենք փակած վերադարձի կարելիութեան դուռը` անկախ փաստէն, թէ որո՞նք եւ գաղափարախօսական ի՞նչ երանգաւորում ունեցող ուժեր կը յայտնուին Հայաստանի իշխանութեան ղեկին»,- ըսաւ Գասպարեան:

Ան շեշտեց, որ արցախցիին վերադարձի հարցը միջազգային իրաւունքի հարց է: «Կը հաւատանք, որ յառաջիկայ տարիներուն, գործող վարչախումբի իշխանազրկումէն ետք, հայկական պետութեան արտաքին քաղաքական ուղղութիւնը էականօրէն պիտի փոխուի, օրակարգի առաջնահերթութիւններու եռեակին մէջ պիտի ըլլան` Արցախի հարցի արդար կարգաւորումն ու արցախցիներու վերադարձի իրաւունքի իրացումը»,- յայտնեց Գասպարեան:

Ան հաստատեց, որ` «Արցախցիներու տունդարձի հարցը այսօր դուրս է Հայաստանի իշխանութեան արտաքին քաղաքական եւ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի օրակարգէն»:

Գասպարեան նաեւ ներկայացուց Արցախ վերադարձի ճամբու քարտէսը` շեշտելով, որ` «Կարեւոր են Արցախի ու արցախցիին վերադարձի հարցը հռչակել ազգային հաւաքական ինքնութեան բաղադրիչ, բացառել անհատական վերադարձի կարելիութիւնը: Պէտք է խուսափիլ ծայրայեղական մօտեցումներէ, կարեւոր է գոյքագրել Արցախի նիւթական եւ ոչ նիւթական մշակութային նշանակութիւն ունեցող կառոյցները եւ այլն»: