Նշելով Երկու Տարեդարձներ․ «Ասպարէզ»

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Խմբագրական

Տարուան այս օրերուն, հայերը սովորաբար կը տօնեն Հայաստանի վերանկախացման տարեդարձը: Սակայն, Արցախի վրայ անցեալ տարուան ատրպէյճանական յարձակումը, որ սկսաւ 19 Սեպտեմբերին, մեզի կը դնէ զայն 21 Սեպտեմբերի վերանկախութեան տօնին զուգահեռ նշելու պարտադրանքին տակ։

21 Սեպտեմբերը խորհրդային եօթ տասնամեակներու լուծին վերջ դրած յաղթանակին նշումն էր, մինչ 19 Սեպտեմբերին պիտի նշուի հայերու դէմ նորագոյն ցեղասպանութիւնը, որ Ատրպէյճանի կողմէ իրագործուեցաւ, մինչ կրաւորական դիրք որդեգրած միջազգային համայնքը ձեռնածալ կը մնար։

Տարի մը առաջ տեղի ունեցած Արցախի հայաթափման օրերէն մնացած պատկերները առնուազն ահաւոր էին եւ այդպէս կը մնան։ Արցախի հայաթափման նախորդած էին Արցախի դէմ 2020ի պատերազմը եւ 10 ամիսներու շրջափակումը ու ատրպէյճանական շարունակական յարձակումները եւ բռնարարքները։ Իրենց հայրենիքէն հեռացող հայերու պատկերները մեզի կը յիշեցնէին 109 տարիներ առաջ տեղի ունեցած Հայոց Ցեղասպանութեան կարաւանները եւ իբրեւ ազգ, Արցախի հայութեան հետ ապրեցանք անոնց արհաւիրքը եւ յուսահատութիւնը։ Իբրեւ ազգ՝ ականատես եղանք Հայոց Ցեղասպանութեան կրկնութեան։

Երբ կը գտնուինք իրարմէ այսքան տարբեր տարեդարձներ միասնաբար նշելու պարտադրանքին տակ՝ չենք կրնար անտեսել այն իրականութիւնը, որ 1988ի Արցախի անկախութեան շարժումը մղիչ ուժը հանդիսացաւ անկախութիւն պահանջելու նպատակով Երեւանի եւ Ստեփանակերտի փողոցներուն մէջ տեղի ունեցած բազմահազարներու ցոյցերուն։ Իրականութեան մէջ, Արցախ Հայաստանէն առաջ՝ 2 Սեպտեմբերին, հռչակեց իր անկախութիւնը։ 

Սակայն, այսօր Հայաստանի ներկայ կառավարութիւնը, որ մինչեւ քանի մը տարի առաջ Արցախի ապահովութեան երաշխաւորն էր, արդէն իսկ ձեռքերը լուացած է Արցախի հարցէն։ Արցախի այն քաղաքացիները, որոնք Հայաստանի քաղաքացիութիւն ունէին, այժմ պէտք է դարձեալ քաղաքացիութիւն ստանալու դիմում ներկայացնեն քաղաքացի դառնալու համար։ Իրենց հայրենիքը պաշտպանելու համար քաջաբար կռուած արցախցիներ այժմ քաղաքական խաղերու գործիք դարձած են ձեռքը Հայաստանի իշխանութիւններուն, որոնք իրենց կարգին կը գտնուին միջազգային շահերու բախումներու կիզակէտին վրայ։ 

Միայն 18 Սեպտեմբերին, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ներկայացուց Հայաստանի իր տեսականը, ուրկէ կը բացակայէր պատմութիւնը։ Արցախը տեղ չունի անոր կառավարութեան ապագայ ծրագիրներուն մէջ, որոնք սահմանուած են ներկայ Հայաստանի աշխարհագրական սահմաններով եւ հետզհետէ նուազող Հայաստանի ներկայ բնակչութեան շահերով։

Ան պնդեց, թէ աւանդական հայրենասիրութիւնը »քանդիչ« է եւ պիտի առաջնորդէ անկախութեան կորուստին, ամբողջութեամբ անարգելով Սփիւռքի եօթը տասնամեակներու պայքարը՝ անկախութեան տեսլականը ողջ պահելու ապագայ սերունդներուն մօտ։ Ան չի յիշեր, որովհետեւ ան 1991ին մանուկ մըն էր, որ Հայաստանի անկախութեան հռչակումը մեր ԱԶԳԱՅԻՆ իղձերու իրականացումն էր։ Անոր փոխարէն, ան կը պնդէ, թէ Հայաստանի անկախութիւնը ապահովելու պայքարը լոկ պատմական վէճեր լուծելու եւ արդարութեան հասնելու պայքար մըն էր, կարծես արդարութեան եւ իրականութեան համար պայքարը անիմաստ պայքար մըն է։

Անցեալ տարուան իրադարձութիւններուն միջազգային հակազդեցութիւնը նուաստացուցիչ էր հայութեան համար եւ հոն անտեսուած էին մարդկային իրաւանց նկատառումները։ Ինչպէս միշտ, Արեւմուտքը կը փորձէ հարցը լուծել գումարներ հայթայթելով, Արցախի հայաթափման մէջ տեսնելով Հայաստանը իրեն մօտեցնելու առիթ մը։ Միւս կողմէ, Ռուսիա եւ իր 4000 զինուորները պարզապէս ականատես դարձան  Արցախի մէջ ցեղային զտման, հայաթափումը կասեցնելու համար ոչ մէկ ջանք թափելով։  

Արցախը եւ անոր բնակչութեան ճակատագիրը Հայաստանի պետութենէն անբաժանելի մասնիկներ են։ Չենք կրնար Հայաստանի անկախութիւնը նշել առանց յիշելու Արցախի ազատութեան բագինին զոհուած հազարաւոր մարտիկները, որոնք դուռ բացին 21 Սեպտեմբերի անկախութեան։

Միաժամանակ, չենք կրնար անտեսել Հայաստանի յաջորդական կառավարութիւններուն եսակեդրոն քաղաքականութիւնը, որ արժեզրկեց մեր ազգային գաղափարները եւ նպատակները։ Արդար ըլլալու համար, իւրաքանչիւր հայ պատասխանատու է Հայաստանի ներկայ իրավիճակին։ Չենք կրնար միայն յաղթանակներ տօնել եւ անտեսել մեր պարտութիւնները։

Անկախ Հայաստանը հայրենիքն է ԲՈԼՈՐ հայերուն։ Արդեօք բոլոր հայերուն հայրենիք վերադարձը իտէալական լուծում մըն է։ Այո։ Ապահով հայրենիք մը կերտելու յաջող քաղաքականութիւնը պիտի սկսի իւրաքանչիւր հայու՝ Հայաստանի մէջ թէ Սփիւռքի, կարողութիւններու ներգրաւումով, բան մը՝ որ Հայաստանի յաջորդական կառավարութիւնները, ներառեալ ներկայի կառավարութիւնը, չեն կրցած իրագործել։ 

Իբրեւ ազգ՝ գոյութենական խաչմերուկի մը վրայ կը գտնուինք։ Ժամանակն է, որ միացեալ կամքով եւ ջանքերով հզօրացնենք մեր պետական հաստատութիւնները, որպէսզի ԲՈԼՈՐ ՀԱՅԵՐՈՒՆ մարդկային իրաւունքները յարգուին եւ հասնինք արդարութեան։