Այնճարի Տնտեսութեան Գլխաւոր Երեք Բնական Հիմնասիւները․ Յակոբ Այնթապլեան

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Այնճարը` իբրեւ սփիւռքեան հայ աշխարհի գրեթէ միակ հայկական գիւղը, տակաւին ամբողջութեամբ չպեղուած ու չբացայայտուած անգնահատելի հարստութիւններով լեցուն հանք մըն է, որ լրջօրէն ու ծրագրաւորուած ուսումնասիրութեան պարագային, ե՛ւ տեղական իմաստով, բայց մանաւանդ հայկական առումով նախանձելի ու թանկագին գործօն կարելի է նկատել:

Հայկականութիւն բուրող Այնճարի ազգային դիմագիծի մասին շատ խօսուած ու գրուած է. դաշնակցական կոմիտէ, քաղաքապետութիւն, յարանուանութիւններ, միութիւններ, կազմակերպական կեանք եւ այլն, յաճախ անդրադարձ կատարուած է:

Մուսա Լեռ-Այնճար ծնած ու աշխարհի չորս կողմը տարածուած մտաւորականներուն, արուեստագէտներուն, մշակոյթի գործիչներուն, քաղաքական դէմքերուն, այլ խօսքով` Այնճարի արտադրած մարդուժը գնահատելի որակ կը կազմէ…

Այնճարը` իբրեւ գերեզմաններէն ու ճահիճներէն յարութիւն առած բարեկեցիկ ու մշտադալար գիւղ, հրաշալի օրինակ է մահէն դէպի կեանք խոյանքի…

Եւ այո՛, 85 տարեկան Այնճարը խորը ուսումնասիրութիւն եւ լիարժէք գնահատանքի կարիքը ունի` ի խնդիր հայութեան ու Հայաստանի զարգացման:

Ինչ կը վերաբերի Այնճարի տնտեսութեան ողնասիւներու անդրադարձիս, պարզապէս ամփոփ մատնանշումներ են, հեռու` խոր ուսումնասիրութենէ…

Այնճարի տնտեսութեան զարգացման հիմնական եւ բնական գործօնները երեք են` զիրար ամբողջացնող եւ համահաւասար կարեւորութիւն ներկայացնող:

Առաջինը այն է, որ Այնճարը` գտնուելով Պէյրութ Դամասկոս մայրուղիի ճիշդ կէսին, հսկայածաւալ կարելիութիններ ստեղծած է. աւելի՛ն, ըլլալով Սուրիոյ սահմանին մօտ, ապրանքներու արտածման ու ներածման իմաստով մթերանոցային ու վաճառականական լայն կարելիութիւններու կեդրոնատեղի է:

Դժբախտաբար վերոյիշեալ կարելիութիւնները պէտք եղած գնահատականին չեն արժանացած մեր ժողովուրդին կողմէ:

Երկրորդը Այնճարի երկրագործական բնական պայմաններն են` բարեբեր հող, նպաստաւոր կլիմայ եւ մանաւանդ մաքուր ու զուլալ ջուր:

Լիբանանեան եւ արաբական առումով, այնճարեան բազմատեսակ պտուղներն ու բանջարեղէնները միշտ փնտռուած են եւ գնահատուած` թէ՛ իբրեւ որակաւոր եւ թէ՛ իբրեւ ժողովրդային պահանջ ունեցող արտադրանք:

Անասնապահութեան համար եւս Այնճարի հողատարածքը ունի նպաստաւոր պայմաններ: Ագարակները քիչ են թիւով, բայց անասնակերերու մշակութիւնը քաջալերական է վերջին տարիներուն:

Դժբախտաբար խաղողի մշակումը նահանջ արձանագրած է վերջին տասնամեակներուն:

Այնճարի գխաւոր պտուղներէն կարելի է յիշել` խնձորը, տանձը, դեղձը, սալորը եւ այլն, որոնցմէ իւրաքանչիւրը ունի քանի մը տեսակներ` տարբեր ամիսներու հասունցող: Բանջարեղէններէն նշանաւոր են` կաղամբը, լոլիկը, դդումը, լուբիան, ղափամայի դդումը, սմբուկը, պղպեղը եւ այլն:

Այնճարեան արտիշոքիները (կանկառ) իւրայատուկ են…

Երրորդը զբօսաշրջութեան մարզն է…

Նկատի ունենալով Այնճարի բնութիւնը, Օմայատներու բերդը, ակը, պանդոկ-ճաշարանները` ամէն շաբաթ գիւղ կ՛այցելեն բազմահազար զբօսաշրջիկներ, որոնք կը վայելեն ե՛ւ բնութիւնը ե՛ւ մանաւանդ հրամցուած համադամ ճաշերը:

Այցելող զբօսաշրջիկները կարելի է բաժնել երկու խոմբերու` օտարներ եւ հայեր: Օտարները հետաքրքրուած են Այնճարի բերդով, ակով եւ մանաւանդ ճաշարաններով: Այդպէս չէ հայերու պարագային, որոնց մեծամասնութիւնը կը նախնտրէ ծանօթանալ գիւղի մէջ գոյութիւն ունեցող եկեղեցիներուն, յուշարձանին, թանգարաններուն, ակումբներուն, եւ այլն եւ ապա նաեւ` տեսարժան միւս վայրերուն:

Յատկանշական է վերջերս գիւղին մէջ ստեղծուած ecco park-ի գործունէութիւնը, որ առիթ կը ստեղծէ զբօսաշրջիկներուն` աւելի մօտէն ծանօթանալու մեր բնութեան գաղտնիքներուն:

Եզրակացնելով` կ՛արժէ պատկան մարմիններուն կողմէ մասնագիտական վերլուծութեան ենթարկել վերոյիշեալ երեք առաջադրանքները ու համապատասխան ծրագիրներ մշակել` արդիւնաւոր տնտեսութիւն եւ աւելի բարգաւաճ Այնճար ունենալու համար…

Շնորհաւոր 85-ամեակդ, Այնճա՛ր:

Նոր տեսիլքներով` դէպի ապագայ: