Սիպիլ եւ «Հրանդ Տինք» Մանկական Երգչախումբը Կը Ներկայանան «Բարի Լոյս» Երգով

Աշխարհ, Սփիւռք

«ՆՈՐ ՄԱՐՄԱՐԱ»

Երգչուհի Սիպիլ «Հրանդ Տինք» հայաստանեան դպրոցի աշակերտներուն հետ արձանագրած է նոր երգ մը որ կը կոչուի «Բարի լոյս»։ Երգի տեսահոլովակը պիտի սփռուի 13 Սեպտեմբեր Ուրբաթ, Թուրքիոյ ժամով ժամը 13.00ին, you tube-ի իր ալիքին վրայ։

«Բարի լոյս»ը ձայնագրուած է Սիպիլի ու հայաստանեանց դպրոցի մանկական երգչախումբի կողմէ՝ «մաղթենք բարի լոյս, թող բարին յաղթէ» կարգախօսի ներքեւ։ Այս երգը իւրօրինակ ուղերձ է համայն մարդկութեան ու կը պատգամէ ըլլալ բարի, բարութեամբ յաղթական ելլել չարի դէմ։ Երգի բառերու հեղինակն է Համօ Սահեան, երաժշտութիւնը յօրինած է Հրանդ Չիզմէճեան, գործիքաւորողը՝ Մաժակ Թօշիկեան, բեմադրիրներն են Յարութիւն Գէորգեան ու Սայաթ Տաղլեան։

Ի՞նչ կը պատգամեն հայաստանցի տղաքը այս երգի միջոցաւ։

Մայր բնութիւնը գեղեցիկ գոյներ ու բոյրեր պարգեւած է մարդ արարածին. գետի շառաչը, երփներանգ ծաղիկներու բուրմունքը, անտառի մեղմ խշշոցը, կապոյտ երկինքը։ Այնուհանդերձ մարդիկ, տեղի տալով իրենց եսասիրութեան, կարծես նահանջած են իրենց կոչումէն, փոխանակ տեսնելու ու վայելելու բնութեան հրաշքները, դառնալու անոր մէկ մասնիկը, անոնք աշխարհի չորս կողմերու մէջ պատերազմներ կը հրահրեն։ Մենք այդ պատերազմները կը մերժենք «բարի լոյս»ով, որովհետեւ ամէն օր, ամէն «բարի լոյս» օրհնութիւն ու լաւատեսութիւն է, յոյս է հաշտութիւն աղերսող մանուկներու համար։ Ուրեմն բարի լոյս ամբողջ աշխարհին։