Արցախի Հասարակութիւնը Ընդհանրական Պատասխանատուութիւն Ունէր Իր Պետութեան եւ Պետականութեան Նկատմամբ. Բալայեան
«Արցախի հանրապետութեան կազմաւորումը եւ պետական շինարարութիւնը՝ դարերի ընթացքում ձեւաւորուած արցախահայութեան կամարտայայտութեան ձեւ էր»,- ՀՀԿ գրասենեակին մէջ կայացած՝ «ԼՂՀ անկախութեան հիմնախնդիրը իրաւական եւ քաղաքական հարթութիւններում» թեմայով համաժողովին ժամանակ, ըստ «ԱՊԱՌԱԺ»-ի, կարծիք յայտնած է Արցախի ԱԺ արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Վահրամ Բալայեան՝ նշելով, որ Արցախի հասարակութիւնը ընդհանրական պատասխանատուութիւն ունէր իր պետութեան եւ պետականութեան նկատմամբ։
«Պատահական չէ, որ թուրքերը, Ստեփանակերտը գրաւելուց յետոյ, առաջինը քանդեցին Արցախի ԱԺ շէնքը եւ Ազատամարտիկների միութիւնը, որովհետեւ այդ երկու հենասիւներն են, որոնց վրայ պետութիւնն իսկապէս հենւում էր եւ առաջ էր քայլում։ Եւ պատահական չէ, որ ալիեւը ԱԺ շէնքն անուանել էր «սատանայի բոյն», իրենց լրատուամիջոցներն էլ անընդհատ նրան կրկնելով` խօսում էին դրա մասին»,- ըսած է Վահրամ Բալայեան։
ՀՀԿ գրասենեակին մէջ այսօր նաեւ Արցախի հանրապետութեան 33-ամեակին առիթով բացուած էր «Արցախեան համանուագ» խորագիրը կրող ցուցահանդէս։
Վահրամ Բալայեանը անդրադարձած է Արցախի անկախացման, պետական հիմնարկների ձեւաւորման գործընթացի մանրամասներին։