Մարսէյլի Մէջ Սողոմոն Թեհլիրեանի Արձանը Պիտի Տեղադրուի
Մարսէյլի Պոմոն շրջանին մէջ Մարտ 15-ին տեղի պիտի ունենայ հայ վրիժառու Սողոմոն Թեհլիրեանի արձանին հանդիսաւոր բացումը: Այս մասին կը հաղորդէ Tert.am-ը։
1921 Մարտ 15-ին Պեռլինի մէջ Սողոմոն Թեհլիրեանը սպաննեց Թալէաթ փաշան՝ Հայոց Ցեղասպանութեան կազմակերպիչներէն մէկը։
Թեհլերեանի գործողութիւնները մաս կը կազմէին Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան կողմէ իրականացուող «Նեմեսիս» գործողութեան անուամբ, որ կը փորձէր պատասխանատուութեան ենթարկել Հայոց Ցեղասպանութեան մեղաւորները:
Սպանութենէն ետք Թեհլիրեանը դատած են Գերմանիոյ դատարանին մէջ, այնուհետեւ ան անմեղ ճանչցուած ու ազատ արձակուած է։