Ո՞ւր Կ՛երթանք – (Ա) Վարուժան Արքեպիսկոպոս
Այսօր, ուր որ հայու բեկոր մը կայ, որուն մէջ դեռ կը խլրտի հայրենասիրութեան նշոյլ մը, դեռ կայծի փոքր մասնիկ մը կայ հայրենիքին հանդէպ եւ դեռ հայօրէն մտածելու խայծ մը ունի իր մէջ, վստահաբար ինքն իրեն հարց կու տայ.
Ո՞ւր կ՛երթաս, հայրենի՛ք:
Ո՞ւր կ՛երթաս, հա՛յ ժողովուրդ:
Ո՞ւր կ՛երթաս, հայկակա՛ն սփիւռք:
Շուարած են բոլորը: Հաւաքականութեան մէջ թէ առանձնացած` մտահոգ են բոլորը, յատկապէս` Արեւմտեան Հայաստանի սփիւռքացած մնացորդացը: Խոհանոցներու մէջ մեծամասնութեան առօրեայ խօսքի առարկան է այս կացութիւնը:
Բոլորին ուշադրութիւնը կեդրոնացած է մէկ կէտի վրայ. ո՞ւր է փրկութեան տանող ճամբան… Արդեօ՞ք աշխարհի վերջը գալէն առաջ հայութեան վերջը եկած է: Ի՞նչ կը սպասուի հասարակ ժողովուրդէն: Պատասխանը դժուար է: Նման կացութեան մը դարման ճարելը այնքան ալ դիւրին չէ: Կարելի է ախտորոշումներ ընել, բայց ախտը բուժելը որո՞ւ պարտականութիւնն է: Անշուշտ ամէն մարդու չէ տրուած: Անձեր, անհատներ ի՞նչ կարողութիւն ունին, պարզ ժողովուրդը կարո՞ղ է բուժումներու ձեռնարկել:
Վէրքը խորունկ է, տարածուած եւ հինցած մեր ազգային մարմիններուն վրայ եւ դարձած է հետզհետէ անհանգստացնող:
Սկսինք հայրենիքէն:
Հայաստանի թաւշեայ փափկութեամբ երիտասարդ իշխանաւորներու բռնած ճամբուն ծայրը սկսաւ երեւիլ` զիս անձնապէս յուսախաբութեան մատնելով: Իր սկզբնաւորութեան համոզում գոյացուցած էի, որ Ա. Հանրապետութեան հետ կապը վերստեղծուած է, թշուառութեան օրերը անցած են: Եօթը տարիներ առաջ յայտնած բաղձանքս օդը ցնդեցաւ: Այն ատեն սեւով ճերմակի վրայ գրած էի նոյն այս չորնալիք մատներով: Կը մէջբերեմ. «Բաղձանքս է, որ այս յեղաշրջումով կապը կը վերահաստատուի մեր անդրանիկ եւ երազանման հանրապետութեան իմաստուն այրերուն` Արամի, Խատիսեանի, Օհանջանեանի, Վրացեանի… եւ վարչապետ Փաշինեանի կազմած նոր վարչակարգի անդամներուն միջեւ, աւետելով, որ այսուհետեւ չկայ Ա. Բ. Գ. հանրապետութիւն, չկայ թշուառութիւն, այլ կայ Հայաստանի Հանրապետութիւն, որուն հովանիին տակ Հայաստանը կը դառնայ մէկ ընտանիքի պէս` «դրախտի ընտանիք»:
Եօթը տարիներ ետք, այսօր, քայքայուած ընտանիքի մը դիմաց կանգնած եմ:
Աճապարած էի կամ անձկագին սպասումս շփոթութեան մատնած էր զիս:
Նոր վարչակարգի երիտասարդ վարիչները, ըստ երեւոյթին, կը բացայայտէին համայնավարական կարգերը, որոնք թշնամիին յանձնեցին մեր երկիրը` Կարսը, Արտահանը, Վանը, Մուշը… մինչեւ Նախիջեւան եւ Արցախ: Այսօր նոյն ընթացքը ակներեւ է: Լճակ մը արիւնով ձեռք բերուած Արցախը վերստին յանձնուեցաւ: Իսկ Հայաստանի՞ մէջ. աւելի տխուր ու անբարեյոյս վիճակ մը կը տիրէ` Հայաստանը ապազգայնացնել, չըսելու համար` հայաթափել: Ռուսական հին կարգախօսը սկսած է մարմնաւորուիլ` Հայաստանը առանց հայու, ինչպէս Արցախը` Հայաստանի հինաւուրց մէկ նահանգը, մնաց առանց հայու: Կարգը Հայաստանին է: Այդպէս ցոյց կու տայ նոր վարիչներու հետապնդած թաքուն քարտէսը:
Ամէն օր քիչ քիչ կը յստականայ, որ Հայաստան վարձկան հովիւներու ձեռքը պատանդ է, կամայ թէ ակամայ: Պիտի վերցնեն, ջնջեն Հայաստանի ազգային նկարագիրը:
Պիտի չէզոքացնեն ա՛յն կառոյցները, որոնք կը պահեն այդ նկարագիրը` եկեղեցին, պատմութիւնը, մշակոյթը, դպրոցը, ակումբը, նոյնիսկ գերեզմանը: Կամաց կամաց: Երէկ ուղղագրութիւնը փոխեցին, որ հայութիւնը մասնատուի, այսօր դասագիրքը կը փոխեն, վաղը սահմանադրութիւնը, միւս օր` քայլերգն ու զինանշանը, շուտով կը փոխեն բառարանները, կ՛արգիլեն ազատ խօսքն ու ազգային երգը, անգամ մըն ալ կը գնդակահարեն` Վարուժանն ու Սիամանթոն, Րաֆֆին, Չարենցը, Սեւակն ու Գալշոյեանը եւ ընկերները եւ օր մըն ալ ժողովուրդը կը փոխեն Արցախի օրինակով: Ուղղափառ հայերը կ՛աքսորուին, արեւմտահայ ուղղափառներու մուտքը կ՛արգիլուի` հողին վրայ պահելով միմիայն անողնայարներ ու այլադաւաններ եւ նոր եկուորներ Ազրպէյճանէն թէ Անատոլուէն, իսկ իրենք` ղեկավար կոչեցեալները… իրենց օղիի սեղանները կը փռեն Անգարայի կամ Պաքուի ապարանքներու պարտէզներուն մէջ:
Խորհրդային օրերու վարք ու բարքերը, որոնց մատակարար հանդիսացան նոյնինքն Հայաստանի մեր անպէտ եղբայրներէն շատեր, տիրապետող պիտի ըլլան նաեւ այս օրերուն: Հայաստանը դարձեալ պիտի ըլլայ ընդարձակ պոռնկատուն մը, ինչպէս դիտել տուած էր ինծի այն ատենի նախարարներէն մէկը:
1984-ին քառասուն օրեր շրջեցայ Հայաստանի քաղաքներն ու գիւղերը:
Գիւղերուն մէջ հանդիպեցայ իսկական հայերու, բայց տպաւորութիւնս ընդհանրապէս ժխտական էր: Վերադարձիս շուրջս հաւաքուած մտերիմ տղոց յայտնեցի մտավախութիւնս` Հայաստանի մէջ կ՛այլասերինք…
Անկախութենէն ետք քանիցս այցելեցի հայրենիք եւ ուշագրաւ մէկ բան նկատեցի:
Մտաւորական դասակարգը լուսանցքայնացած է: Ահա` նոր մտավախութիւն մը:
Բաբգէն Ա. աթոռակից կաթողիկոս իր օրերուն, որոնք ազգին ամէնէն մռայլ օրերն էին, նկատողութիւն մը արձանագրած էր, որ հոս տեղին է յիշել. «Մեր երիտասարդութիւնը դէպի ոճիր միտեցնող ոգին, յայտնի եւ գաղտնի դաստիարակութեամբ, կրնայ փճացնել մեզ»: Նոյն երեւոյթներուն մէջ կ՛ապրինք այսօր: Մեր երիտասարդ իշխանաւորները յայտնի եւ գաղտնի դաստիարակութեամբ կրնան փճացնել մեզ: Ո՛չ աւելի, ո՛չ պակաս:
Պէտք է փնտռել եւ երեւան հանել այդ գաղտնի ուսուցիչները եւ ըստ այնմ դիրքաւորուիլ անոնց դէմ: Անոնք, եթէ կ՛ենթադրեն, թէ կախարդական ցպիկով մը իրենց ուզածին պէս պիտի փրկեն հայութիւնը եւ աւելի փայլուն ազգի մը պիտի վերածեն զայն, շա՛տ բարի, իսկ եթէ մոլախոտերու պիտի վերածեն մեր ազնիւ ժողովուրդը` մեղքը անոնց հետեւողներու վզին եւ մեր կողմէ արդար դիրքաւորում մը` իր կարգին: Այդ դիրքաւորումը, սակայն, փողոցներու մէջ աղմկարարութեամբ չի պտղաւորուիր: Հարկ է ամբողջ ժողովուրդը մղել, որ իր խօսքը ըսէ եւ դիրքը ճշդէ, անշուշտ եթէ կարելի է:
Ժողովուրդը համախմբելու եւ ոտքի հանելու մեծ առիթ մըն էր Արցախի հայաթափումը: Կորսնցուցինք այդ առիթը: Ո՛չ մէկ հաւաքական ձայն լսուեցաւ: Լուռ մնացին` եկեղեցին, մտաւորականութիւնը, երիտասարդութիւնը, ուսանողութիւնը, մէկ խօսքով` բոլորը: Կարծէք զբօսաշրջիկներու խումբ մըն էր 120.000 հաշուող ժողովուրդը, որ հանդարտօրէն տուն կը վերադառնար: Կամ այդ ժողովուրդը տունէն ելած` անմարդաբնակ, ամայի դաշտ մը կը մտնէր: Աւելի ծանրակշիռը` կարծէք շատերու թաքուն մէկ փափաքն էր, որ իրականացած էր: Վախազդու երեւոյթ է ասիկա, եւ աւելի՛ն, երիցս մտահոգիչ երեւոյթ` մեր իրողութեան մէջ, մանաւանդ` ապագայի առումով:
Ի՞նչ կարելի է ընել այս կացութեան դիմաց: Կուսակցական փոքր հատուածներով աղմկելը տեղ չի տանիր մեզ: Խմբագրուած յօդուածներ ամէն տեղ չեն հասնիր: Քարոզներն ու ճառերը, բարի մաղթանքներն ու զօրակցական խօսքերը օդին մէջ կը մնան: Ուշ ենք: Հայրենի մեր ժողովուրդը այդ ուղղութեամբ դաստիարակուած չէ, իսկ այդ դաստիարակութիւնը մեր ձեռքը չէ, եւ կրնայ ըլլալ, որ երբեք մեր ձեռքը չըլլայ:
Կարծէք` ժողովուրդը գոհ է եղածէն: Յուսամ` կը սխալիմ:
Միւս կողմէ` արդեօք կարելի՞ է, առանց աղմուկի, առանց հակադրութիւններու, այլ` համերաշխ գործակցութեամբ, նոյն սեղանին շուրջ նստիլ իշխանութեան հետ, փորձել փոխել ղեկի ուղղութիւնը… Պէտք է փորձել: Այդ աշխատանքը օրհասական այս օրերուն արդեօք կարելի՞ է: Կարելի՞ է եկեղեցի, մտաւորականութիւն, կուսակցութիւններ մէկ սեղանի շուրջ համախմբել եւ ձեռք ձեռքի տուած` ջանալ առաջքը առնել այս տեղատուութեան: Սպասենք եւ… դառնանք դէպի սփիւռք:
Փետրուար 2024