Ընդառաջելով Լիբանանցի Պատասխանատուներու Կոչին` Արցախի Զօրակցութեան Յատուկ Քննարկում` «Կապրիէլ» Պանդոկին Մէջ

Աշխարհ, Հայաստան

«Ազդակ»

Ընդառաջելով  լիբանանցի պատասխանատուներու եւ առնչակից անձնաւորութիւններու կոչին` Արցախի զօրակցութեան յատուկ խորհրդաժողով մը գումարուեցաւ երէկ` Երեքշաբթի, 3 Հոկտեմբեր 2023-ի երեկոյեան Էշրեֆիէի «Կապրիէլ» պանդոկին մէջ: Արցախի, յատկապէս հոն արձանագրուած վերջին իրադարձութիւններուն եւ անոնց հետեւանքներուն ու  քաղուած դասերու քննարկման յատկացուած այս խորհրդաժողովին ներկայ էին հայ եւ ոչ հայ լիբանանցի կուսակցական, միութենական պատասխանատուներ, պետական անձնաւորութիւններ ու հոգեւոր հայրեր եւ լրագրողներ:

Այս առիթով ներկաները խօսք առնելով դրսեւորեցին իրենց ներկայացուցած կառոյցներուն տեսակէտներն ու կեցուածքները Արցախի իրավիճակին գծով: Ներկաները խորհրդակցելէ ետք Արցախի մէջ տիրող իրավիճակին հրապարակեցին հաղորդագրութիւն մը: Խօսք առաւ նաեւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի: