Ակնարկ. Հայ Դատը, Հռոմի Կանոնադրութիւնն Ու «Չպետութիւն»-ը․ «Ազդակ»
Խմբագրական
Միջազգային քրէական դատարանի անդամակցութեան կամ այս պարագային Հռոմի կանոնադրութեան վաւերացման նիստին իշխանութեան խմբակցութենէն հնչեցին Հայ դատի համակարգը պետականութեան հակադրող միտքեր:
Անոնք բանաձեւուեցան Հռոմի կանոնադրութեան վաւերացման նկատմամբ ընդդիմութեան դիրքորոշումին իբրեւ խորքային դրդապատճառներ: Առանցքայինը այդ դրդապատճառներուն, ըստ այդ հայեցակարգին` Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնն է կամ ընդհանրապէս դաշնակցական մտածելակերպը:
Իշխանական պատգամաւորի տրամաբանութեամբ, Դաշնակցութիւնը կամ անոր Հայ դատի համակարգը միջազգային քրէական դատարաններուն մրցակիցն է: Հետեւապէս, եթէ պետութիւնը ռազմական յանցագործութիւններու դէմ բողոքելու դիմումներով ներկայանայ միջազգային համապատասխան դատարան, այդ պարագային ինչո՞վ պիտի զբաղի Հայ դատը: «Հայ դատը հայ ժողովուրդի ողբերգութիւններուն վրայ հիմնուած արդիւնաբերական համակարգ է, որ կը դիմադրէ Հայաստանի պետութեան` այդ ցանցէն դուրս գալու բոլոր միջոցներուն: Հայ դատը ուրեմն դէմ է, որ նման դիմումներ ըլլան դատարաններուն, նախընտրելով ցոյցեր եւ հանգանակութիւններ կազմակերպել: Ամփոփելով` Հայ դատի ցանցային կառոյցները տեղաւորուելով տարբեր երկիրներու համայնքներուն մէջ պիտի ձգտին յաւերժական Հայաստանի կերտման, քանդելով ներկայ Հայաստանը»:
Հայ դատի իրականացուցած հսկայածաւալ աշխատանքներէն միայն կարեւորագոյններուն խորագրային նշումները կը տապալեն այս կեղծ տեսութիւնը: Հռոմի կանոնադրութեան վաւերացման նիստի քննարկումներու առիթը օգտագործելով դարձեալ փորձ կը կատարուի հարուածելու Հայ դատը, միացեալ Հայաստանի գաղափարը, արուեստականօրէն հակադրելով ամբողջական Հայաստանը այսօրուան Հայաստանին:
Այս վերջին կէտը ինքնին կը համոզէ դիպաշարին հետեւողը, որ յայտարարուածը ոչ թէ սոսկ պատգամաւորի մը անհատական տեսակէտն է, այլ մեծամասնական խմբակցութեան պաշտօնական տեսակէտը, որովհետեւ կը տեղաւորուի նախ կաթիլային, ապա մրճահարային կշռոյթներով եւ ուժգնութեամբ հրապարակուող Արարատ-Արագած, կամ պատմական-ներկայ բաժանարարութեան մէջ:
Այս բաժանարարութիւնն է փաստօրէն, որ 29.800-ը հակադրեց Արցախին, փետրաթափ փորձեց ընել զինանշանի արծիւը կամ կրկէսի առիւծի վերածել թագաւորութիւններու խորհրդանիշներու պաշտպանը:
Արցախը Ազրպէյճանի մաս նկատելէ ետք այժմ թիրախը սփիւռքի քաղաքական գործօնն է` զայն փորձել հակադրելով Հայաստանի պետութեան: «Չպետութիւն» որակելով Հայաստանի պետականութեան ամրակայման առաջադրանքը իրականացնող Հայ դատի համակարգը, նման յերիւրանքներ տարածողները ըստ էութեան իրե՛նք կը հարուածեն պետականութիւնը:
«Այսօր ամբողջ աշխարհը ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը», կը հաստատէ «չպետութեան» տեսաբանը, առանց նշելու այդ վիթխարի աշխատանքի իրականացման տակ ամրագրուած Հայ դատի ստորագրութիւնը: Պահ մը շրջանցելով ցեղասպանութեան ճանաչման եւ այնուհետեւ հատուցման ուղղութեամբ իրաւական պատրաստութեան աշխատանքները, կեդրոնանանք վերջին իրադարձութիւններուն վրայ, պարզապէս նշելու համար շատ ակներեւ ճշմարտութիւններ:
Ազրպէյճանի ռազմական յանցագործութիւնները բացայայտելու, Պաքուն պատերազմական ոճրագործ նկատելու, Ազրպէյճանի պետութիւնը մարդկութեան դէմ ոճիր գործադրած ըլլալու յանցանքով դատապարտելու Հայ դատի ցանցային աշխատանքներուն մասին կա՛մ անտեղեակ են իշխանութիւնները, կա՛մ ալ դիտումնաւոր կ՛անտեսեն:
Արցախի, իբրեւ քաղաքական միաւոր օտարումէն ետք, այժմ սփիւռքի քաղաքական գործօնի թիրախաւորումն է, որ կ՛ազդարարուի Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովէն:
Հայ դատը Անկախութեան հռչակագիրին մէջ հաստատուած` համայն հայութեան իղձերու կենսագործման հետ կապուած յղացք է, գործնական համակարգ` պատմական արդարութեան վերականգնման, Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումի համար անդուլ բանող ցանցային դրուածք, Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի միջազգայնացման համար բազմաոլորտ աշխատանքներ իրականացուցած կառոյց եւ Ազրպէյճանը իբրեւ ցեղասպան պետութիւն միջազգային ընտանիքի համապատասխան բաժանմունքներուն մօտ ներկայացնող աշխարհատարած կազմակերպութիւն: Հայ դատը թիրախաւորելը ուրեմն ըստ էութեան հակասահմանադրական քայլ է եւ հակապետական կամ «չպետական» մօտեցում:
Ազգային ժողովի այդ ելոյթներու ընթացքին, տարբեր երկիրներու հայկական համայնքներու մէջ «տեղաւորուած» Հայ դատի յանձնախումբերը Ազրպէյճանի ոճրագործ դիմագիծը իրաւականօրէն բացայայտող դիմումներով կը ներկայանային տարբեր պետութիւններու արտաքին գործոց նախարարութիւններուն թէ միջազգային կառոյցներու գրասենեակներուն: Այդ երթը պիտի շարունակուի անպայման: Հակառակ «չպետական» յայտարարութիւններու: