
Միջազգային Հանրութենէն Կը Պահանջենք Բոլոր Անհրաժեշտ Միջոցները Ձեռնարկել՝ ազրպէյճանական Ռազմական Յարձակման Շարունակութիւնը Անյապաղ Կասեցնելու Ուղղութեամբ․ Արցախի ԱԳՆ
Արցախի ԱԳՆ յայտարարութիւնը՝ ազրպէյճանի ռազմական յարձակման վերաբերեալ․
«Սեպտեմբեր 19-ին ազրպէյճանի զինուած ուժերը սանձազերծած են հերթական ռազմական յարձակումը Արցախի Հանրապետութեան դէմ` խախտելով միջազգային իրաւունքի սկզբունքները եւ 2020 թուականի Նոյեմբեր 9-ի ռազմական գործողութիւններու դադրեցման մասին Եռակողմ յայտարարութեան դրոյթները։ Մայրաքաղաք Ստեփանակերտը եւ այլ բնակավայրերը ներկայիս կ՝ենթարկուին զանգուածային հրետանային եւ հրթիռային ռմբակոծութեան եւ օդային հարուածներու։ Կան զոհեր, որոնց մէջ՝ քաղաքացիական բնակիչներ։
Արցախի Հանրապետութեան շարունակուող անօրինական շրջափակման ներքոյ ազրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած ռազմական յարձակումը անթաքոյց ցեղասպանութիւն է եւ Արցախի ժողովուրդի հիմնարար իրաւունքներու ժխտման ծայրայեղ արտայայտում։ ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը արդէն բացայայտօրէն յայտարարած է Արցախի 120 հազար բնակչութեան բռնի տեղահանումն իրականացնելու մտադրութեան մասին, որ հաւասարազօր է Արցախի ժողովուրդին որպէս այդպիսին եւ անոր ընհանրութեան եւ ամբողջականութեան ոչնչացման։
Ամբողջ երկիրը ենթարկելով անօրինական պաշարման եւ որպէս պատերազմի մեթոտ օգտագործելով սովը՝ ազրպէյճանը որոշած է դիմել ուժի կիրառման՝ վստահ ըլլալով, որ չի հանդիպիր միջազգային հանրութեան դիմադրութեան։ ազրպէյճանի իշխանութիւնները վերջին շաբաթներուն հող կը նախապատրաստէին այս ռազմական յարձակման համար՝ բացայայտ եւ կեղծ կերպով մեղադրելով Արցախն ու Հայաստանը ռազմական սադրանքներու մէջ։ Հարկ է ընդգծել, որ այդ կեղծիքներէն ոչ մէկը հաստատուած է ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի հաղորդագրութիւններով։
Արցախի դէմ ազրպէյճանի ռազմական յարձակումը վերջինիս ցեղասպան գործողութիւնները եւ Արցախի՝ աւելի քան 9 ամիս շարունակուող ապօրինի շրջափակումը կասեցնելու ուղղութեամբ միջազգային հանրութեան կողմէ հաւաքական միջոցներու բացակայութեան ուղղակի հետեւանքն է։ Անտեսելով ազրպէյճանի յանցաւոր մտադրութիւններուն մասին նախազգուշացումները եւ հրաժարելով համապատասխան գործողութիւններէն՝ բոլոր պատասխանատու միջազգային դերակատարները չկրցան կանխել ազրպէյճանի կողմէ Արցախի դէմ հերթական յարձակումը։
Արցախի Հանրապետութիւնը կը պահանջէ միջազգային հանրութենէն ձեռնարկել բոլոր անհրաժեշտ միջոցները ազրպէյճանական ռազմական յարձակման շարունակութիւնը անյապաղ կասեցնելու եւ բնակչութեան անվտանգութիւնը ապահովելու ուղղութեամբ։ Ցեղասպանութեան յանցագործութեան կանխարգելումը իւրաքանչիւր պետութեան, ներառեալ ներգրաւուած դերակատարներու պարտականութիւնն է: Անգործութիւնը կը նպաստէ յանցագործութեան կատարման»։