ԼՂ Բնակչութիւնը Մնացած է Առանց Ելեկտրականութեան, Հաղորդակցման Միջոցներու, Սնունդի եւ Ջեռուցման. ԱՀ ՄԻՊ
ազրպէյճանը կը շարունակէ թիրախ դարձնել Լեռնային Ղարաբաղի քաղաքացիական բնակչութիւնը։ Այս մասին X ցանցի միջոցով կը յայտնէ Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան՝ նշելով, որ Արցախի շատ բնակիչներ ցուցտ ջերմաստիճանի պայմաններուն մէջ մնացած են առանց լոյսի, ուտելիքի եւ ջեռուցման։
«Արցախի ամբողջ բնակչութիւնը կը շարունակէ մնալ ապաստանարաններու մէջ առանց ելեկտրականութեան, հաղորդակցման միջոցներու, սնունդի եւ ջեռուցման՝ ցուցտ ջերմաստիճանի պայմաններուն մէջ։ ազրպէյճանը կը շարունակէ թիրախ դարձնել քաղաքացիական ենթակառուցուածները եւ քաղաքացիական բնակչութիւնը՝ օգտագործելով ռազմական թռիչքներ, հրետանի եւ անօդաչու թռչող սարքեր»,- յայտնած է Արցախի ՄԻՊ-ը։