Դիւանագիտական Ջանքեր Գործադրել Ճանչնալու Արցախի Հանրապետութեան Անկախութիւնը․ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմին

Հայաստան

Սիրելի՛ հայրենակիցներ,

ազրպէյճանն այսօր լայնածաւալ յարձակում սկսելով Արցախի Հանրապետութեան սահմանի ողջ երկայնքով՝ կ՝ուզէ աւարտին հասցնել Արցախի հայաթափման ցեղասպանական ծրագիրը։

ՀՀ իշխանութիւնները, հայ հասարակութիւնը մոլորեցնելով խաղաղութեան կեղծ թեզերով եւ Արցախը ճանչնալով ազրպէյճանի մաս, մեր հայրենիքը ներքաշած են նոր պատերազմի մէջ։ Շարունակական զիջումները ոչ միայն զսպած են ազրպէյճանը, այլ զայն դարձուցած են աւելի սանձարձակ։ Նոր աղէտը կանխելու ճանապարհը պաշտպանունակութեան ապահովումն է։

Ուստի, ստեղծուած իրավիճակին մէջ․

– նիկոլ փաշինեանը պարտաւոր է պաշտօնապէս հրաժարիլ Արցախի նկատմամբ ազրպէյճանի գերիշխանութիւնը ճանչցող յայտարարութենէն, կատարել իր սահմանադրական յանձնառութիւնը, ստանձնել Արցախի ժողովուրդին անվտանգութեան երաշխաւորը ըլլալու պարտաւորութիւնը եւ բոլոր անհրաժեշտ միջոցերը ձեռնարկել ՀՀ քաղաքացի հանդիսացող 120,000 հայերու պաշտպանութեան համար,

– Առաջնորդուելով ճանաչում յանուն փրկութեան սկզբունքով՝ դիւանագիտական ջանքեր գործադրել ճանչնալու Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը։

Ռուս խաղաղապահ զօրախումբը պարտաւոր է անյապաղ գործուն քայլեր ձեռնարկել ազրպէյճանական յարձակումը կասեցնելու ուղղութեամբ եւ լիարժէք կատարել իր ստանձնած պարտաւորութիւնները։

Խաղաղապահներու վերահսկողութեան գօտիին մէջ նոր ռազմական գործողութիւններու իրականացումը հարցականի տակ կը դնէ եռակողմ համաձայնութիւնները եւ լուրջ հարուած կը հասցնէ ՌԴ-ի, իբրեւ միջնորդ կողմի հեղինակութեան։

ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահ երկիրները պարտաւոր են յստակ եւ թիրախային գնահատականներով դատապարտել ազրպէյճանի ցեղասպանական գործողութիւնները՝ ձեռնարկելով բոլոր անհրաժեշտ քայլերը յետագայ շարունակուող յարձակումները կանխելու համար։

Վերոնշուած պահանջները կրնան իրագործուիլ միայն համաժողովրդական հուժկու ճնշման պարագային։

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմին

19 Սեպտեմբեր, 2023թ․