Այս Կռիւը Պէտք է Արագ Կանգնեցնել, Որովհետեւ Անիկա Իր Հետ Մեծ Ցաւ ու Տառապանք Կը Բերէ Արցախի Մէջ Ապրող Մեր Հայրենակիցներուն․ Տիգրան Աբրահամեան

Հայաստան

«Արցախի մէջ կատաղի մարտերը տարբեր ուղղութիւններով կը շարունակուին:

Թէեւ տեղեկութիւններ կան, որ ազրպէյճանը որոշ դիրքերու եւ հատուածներու նկատմամբ վերահսկողութիւն հաստատած է, այնուամենայնիւ ամէն մեթրի համար ծանր մարտեր են:

Արցախցիները մեծ ճակատամարտ կը մղեն, ազրպէյճանցիները մարտադաշտի վրայ մեծաթիւ կորուստներ ունին, որն ալ դանդաղեցուցած է անոնց յառաջխաղացումը տարբեր ուղղութիւններու վրայ:

Սակայն այս կռիւը պէտք է արագ կանգնեցնել, որովհետեւ անիկա իր հետ մեծ ցաւ ու տառապանք կը բերէ Արցախի մէջ ապրող մեր հայրենակիցներուն»:

«Պատիւ ունիմ» խմբակցութեան քարտուղար

Տիգրան Աբրահամյան