«Արա Խաչատուրեանի Թիավարութիւնն Ի Լիբանան» Եւ Աւելին… Քրիստ Խրոյեան

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Լոյս աշխարհ եկաւ Լիբանանի Պէյրութ քաղաքին մէջ 1964 թուականին` յարկին տակ ընտանիքի մը, ուր ան անկայունութենէ եւ ապահովութեան պակասէ կը տառապէր: Աշակերտականի իր առաջին քայլերն առաւ ու գիրերը գրեց ՀԲԸՄ-ի Տեմիրճեան դպրոցին մէջ` անդամակցելով եւ վառվռուն անդամ մը դառնալով նաեւ ՀԵԸ-ի սկաուտութեան: Վերջինիս մէջ աւելի ներկայութիւն էր, քան` առաջինին:

Տարածաշրջանին մէջ այդ թուականներուն հոս ու հոն պատերազմ մը կը սկսէր այս կամ այն պատճառով. Լիբանանը անմասն չմնաց անոնցմէ: 1975-ին տասնմէկ տարեկան էր ան,  երբ ծայր առաւ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը: Այդ տարիներուն, դպրոցի կողքին, ամառնային արձակուրդներուն ան կը փորձէր իւրացնել ոսկերչութեան արհեստը եւ այնպէս ալ պատանիի իր օրապահիկը կ՛ապահովէր: Տասնհինգ տարեկանին, սակայն,  ստիպուեցաւ ձգել դպրոցն ու երկիրը եւ դառնալ արհեստաւոր մը` անցնելով Ֆրանսայի հարաւ-արեւելեան ծովեզերեայ Մարսէյ քաղաք:

Նոր քաղաք, նոր միջավայր ու նոր մշակոյթ, եւ ան ֆրանսերէն մէկ բառ իսկ չէր գիտեր, եւ մէկ գրպանին մէկ բաժինն իսկ բաւարար էր Մարսէյ տանելիք իր գումարը հոն դնելու:

Բարեբախտաբար կ՛ունենայ նեցուկը մեծ մօր եւ հօրեղբօր, որոնք քաջալեր հանդիսացան իրեն եւ յառաջ մղեցին: Այնտեղ, Մարսէյի մէջ, շուտով կը սկսի աշխատիլ ոսկերչութեան աշխատանոցէ մը ներս` միշտ իր անձնական գործը ունենալու երազով:

Տարիներու առօրեայ 16-ժամեայ աշխատանքի եկամուտով, օրական ծախսերու եւ ելքի խնայողութեամբ, գրպանի այդ համեստ գումարը սկսաւ կրկնապատկուիլ ու բազմապատկուիլ: Օրերը մեծ դժուարութիւններ ունէին բերելիք անոր համար, եւ ինքնավստահութիւնը դիւրաբեկ կրնար ըլլալ նման պայմաններու մէջ, եւ ամենադիւրին միջոցն ու ելքը յանձնուիլն էր, սակայն… երազն աւելին էր այդ բոլորէն:

Քսանչորս տարեկանին Մարսէյի մէջ արդէն կ՛ունենայ իր առաջին խանութը, իսկ քսանութին` երկրորդը:

Կեանքը պատահականութիւններու, առիթներու եւ որոշումներու կոյտ մըն է, որուն համար պէտք է զգօնութիւն` հարկ եղած պահուն զանոնք անհատին ի նպաստ դարձնելու համար: Պայման չէ, որ մարդը ասպարէզ մը ընտրելով` ծառայէ անոր մէջ տարիներ, երբ անդին ունի նոր ձիրքեր կամ նախասիրութիւններ զարգացնելու ունակութիւնը, նոր փորձառութիւններ ապրելու եւ վայելելու միտումն ու կիրքը:

Իսկ ան, տարիներով հեռու մնալով մարզաշխարհէն, որուն ծանօթացած էր իր սկաուտութեան օրերուն` Հայ երիտասարդաց ընկերակցութեան միութեան պատուհանէն, օր մըն ալ հեռաձայն կը ստանայ հին ընկերէ մը. հրաւէր մը` Պէյրութի մարաթոնին, որ 42 քիլոմեթր կ՛երկարէր: Նորութիւններէն եւ անոր պարտադրած դժուարութիւններէն վախցողն ու տուայտողը չէր: Ընդառաջեց: Մեկնեցաւ:

Սա չեղաւ առաջինը, միակն ու վերջինը, այլ պարզապէս սկիզբն էր. սկիզբը` շարք մը արկածախնդրական նախաձեռնութիւններու մասնակցութեան: Ան պիտի մասնակցէր Եւրոպայի տարբեր երկիրներու մէջ տեղի ունեցող տարբեր մարաթոններու, որոնցմէ ամենանշանաւորը Ռէիւնիոն կղզիի «Տիակոնալ տէ ֆու» մարաթոնն էր: Այդ մարաթոնը կ՛երկարէր Ռէիւնիոն կղզիին մէկ կողմէն միւսը (165 քմ):

Սոյն մարաթոնին պատրաստուելու համար բարձրացաւ Մոն Պլան լեռը` մարզուելու համար ու այնտեղ հասնելով` որոշեց մագլցիլ լեռն ու բարձրանալ գագաթ: 4810 մեթր բարձրութեան վրայ գտնուող գագաթը նուաճելով եւ իր դէմ փռուած արեւածագի տեսարանը տեսնելով` ան հասկցաւ, որ լեռ մագլցիլն ալ իր նախասիրութիւններէն մէկը կրնար ըլլալ, եւ ոսկերչութեան իր աշխատանոցէն դուրս շատ բան կրնար իրեն սպասել: Արկածախնդրութիւններու շարքը երկարեցաւ եւ յաջորդաբար սկսաւ մագլցիլ ու նուաճել տարբեր ցամաքամասերու բարձրագոյն գագաթները:

Առաւօտեան կանուխ ժամերը իր զարթնումի նախասիրած ժամերն էին, եւ այդ արթննալուն կը յաջորդէին մարզումի 3 ժամերը. առօրեայ ռութին մը: Ապա մեկնիլ աշխատանքի` երեկոյեան կրկին մարզուելու համար:

Իր մէջ ապրող պատանի սկաուտին ձայնը հետզհետէ կը բարձրանար եւ անոր ներկայութիւնը իր ներսիդին կը դառնար աւելի տիրական, քան` տկարութիւնն ու անզօրութիւնը, այս կամ այն դժբախտութեան զոհի զգացումը:

Ան բարձրացաւ Արարատը, Ափրիկէի Քլիմանճարոն եւ 2013-ին, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առթիւ, ծրագրեց Էվերեսթի գագաթը նուաճելու իր փորձը: Այդ նախաձեռնութիւնը սկիզբ առաւ առաջարկով մը, որուն ընդառաջեց Մարսէյի ՀԵԸ-ի մարմինը, եւ ֆրանսահայ ժողովուրդը նիւթապէս նեցուկ կանգնեցաւ անոր:

Աշխարհի բարձրագոյն գագաթը նուաճելու համար նախապատրաստական աշխատանք պէտք էր, եւ երբ ամէն ինչ պարզ էր ու յստակ, ան Էվերեսթի լեռնագնացութեան մարզուելու համար 36 օրուան մէջ յաջորդաբար բարձրացաւ 9 լեռներ` Փերուի, Պոլիվիոյ, Էքուատորի ու Ղրղզստանի մէջ:

2015-ի մարտի վերջին, խումբ մը լեռնագնացներու հետ սկսաւ բարձրանալ 8.849 մեթր բարձրութիւն ունեցող Էվերեսթը, որուն 5200 մեթր բարձրութեան վրայ եղած պահուն, ապրիլ 25-ին, պատահեցաւ բնութեան աղէտը…

7,6 ուժգնութեամբ երկրաշարժը ցնցեց Էվերեսթի տարածաշրջանային գօտին եւ Նեփալի Քաթմանտու քաղաքին մէջ արձանագրուեցան աւելի քան 23.000 զոհեր: Լեռնագնացներէն 20-ը մահացաւ, 60-ը վիրաւորուեցաւ, ի՛նք եւս ըլլալով վիրաւորներու կարգին…

Էվերեսթ բարձրանալու փորձը ձախողութեան մատնուեցաւ…

Սա իր կեանքի հոգեխոցն ու յանձնուելու առիթը չէր սակայն: Յաջորդ տարի իսկ, նոյն վճռակամութեամբ, կրկի՛ն անգամ բարձրացողներու շարքերուն մէջ էր: Այս անգամ,  սակայն, նուաճե՛ց ու բարձրացուց այնտեղ Հայաստանի դրօշը եւ պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով` Աստուածաշունչը:

Եւ որովհետեւ արկածախնդիր մարդը իր առաջադրանքներուն մէջ միշտ ալ բազմազանութեան կը փարի, ան այս անգամ նախաձեռնեց «Running for peace»-ը: Ան որոշեց վազքով շարք մը երկիրներէ անցնիլ` խաղաղութիւն քարոզելով: Այդպիսով կ՛ուզէր նաեւ առձեռն հասցնել իր նամակը Թուրքիոյ վարչապետին` պահանջելով անկէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը: Եւ 7 ապրիլ 2018-ին, 107 օրուան տեւողութեամբ, անցաւ Մարսէյէն Մոնաքօ եւ յաջորդաբար` Իտալիա, Սլովենիա, Խրուաթիա, Սերպիա, Պուլկարիա, Յունաստան, Թուրքիա, Վրաստան` հասնելով մինչեւ Հայաստան եւ անցնելով 4550 քիլոմեթր ճանապարհ մը:

Այս բոլորը Արա Խաչատուրեանին մասին է: Ծնունդով այն լիբանանահայը, որ ինքզինք հանրութեան կը ներկայացնէ որպէս «աշխարհի քաղաքացին»…

Արան հիմա այդքան ալ չէ հետաքրքրուած ոսկերիչի իր արհեստով, որքան` աշխարհասփիւռ իր արկածախնդրութիւններով:

Մարսէյ
Պէյրութ

Խաչատուրեան նախորդ շաբաթներուն թիավարելով հասաւ Պէյրութի նաւահանգիստ` ամիսներ առաջ մեկնած ըլլալով Մարսէյի ծովափէն: Այս մէկը ծրագիր մըն էր, որ նախատեսուած էր իրականացնել տարիներ առաջ, սակայն «Քորոնա»-ի համաճարակի պատճառով յետաձգուեցաւ:

27 մայիս 2023-ին Մարսէյէն մեկնելէ ետք, օրական 6-12 ժամ 86 օրեր թիավարելով, Խաչատուրեան կտրեց եւ անցաւ 3600 քիլոմեթր ծովային ճանապարհ մը, որ սկիզբ կ՛առնէր Մարսէյէն, կ՛անցնէր` Քորսիքայէն, Իտալիայէն, Յունաստանէն, Թուրքիայէն, Կիպրոսէն եւ կը հասնէր մինչեւ Լիբանան: Ան Պէյրութի նաւահանգիստ ժամանեց 22 օգոստոս 2023-ին:

Խաչատուրեանի թիավարած ճանապարհը

Խաչատուրեան նախապէս ծովը չէր գիտեր, համարեա՛ ժամեր միայն անցուցած էր թիավարելով: Առաջին անգամն էր, որ նման գործունէութիւն մը պիտի ծաւալէր այնտեղ: Թիավարելէն միայն երկու ամիս առաջ էր, որ սկսաւ մարզուիլ:

Թէեւ ճանապարհորդութեան առաջին օրը 40 քմ յաջողեցաւ թիավարել, բայց երկար շունչ պահելու համար պէտք էր նուազեցնել այդ մէկը: Թիավարելու համար ան կ՛օգտագործէր 60 առ հարիւրը ոտքի, 20 առ հարիւր իրանի եւ 20 առ հարիւր ձեռքի մկանները: Այնքան ատեն որ քայեաքին մէջ էր ան, պէտք էր յաճախ թիավարել զայն, քանզի քայեաքի հաւասարակշռութիւնը կախեալ է իրմէ ու թիերէն: Հանգստութիւնը, փաստօրէն, քայեաքին մէջ չէր ծախուեր, այլ` իրեն ուղեկցող նաւուն, որ ընկերակցեցաւ իրեն ամբողջ ճանապարհորդութեան ընթացքին…

Ալիքն ու օդերեւոյթը երբեմն կը խանգարէին ընթացքը: Մերթ ընդ մերթ կը ստիպուէր, առանց դադար առնելու ափի վրայ, 180-էն մինչեւ 240 քիլոմեթր անցնիլ ծովով:

Յառաջ երթալու համար պէտք էր համակերպիլ: Այս պարագային` համակերպիլ օդին, ալիքին, պայմաններուն, իրավիճակին:

Կեանքին մէջ յաջողութեան մէկ գրաւականն է համակերպումը` ըստ անոր: Մարդ պէտք է համակերպի իր նոր միջավայրին, նոր երկրի պայմաններուն, դպրոցին…

Խաչատուրեանի համար արկածախնդրական իր գործունէութիւնները մարդոց հետ մրցակցութեան ասպարէզ մը չեն. այնտեղ «ուրիշի հետ չափուիլ» չկայ, այլ մէկը միւսին յաջողութեամբ պէտք է ուրախանայ եւ ձգտի աւելիին, չիրագործուածին, առեղծուածին: Պէտք է զիրար ներշնչել, միասնաբար կեանքը աւելի հեշտ ու խաղաղ դարձնել:

Նման պարագաներու, կը պատահի, որ մարդիկ որոշ յաջողութեան մը հասնելէ ետք կանգ առնեն, դադրին` համոզուելով, որ հասած են իրենց նպատակին, եւ անկէ աւելին կա՛մ գոյութիւն չունի, կա՛մ աւելորդ է, կա՛մ ալ մտադիր չեն զայն իրագործելու:

Խաչատուրեանի օրինակը, սակայն, այդ դպրոցին չի պատկանիր…

Այնտեղ միշտ կայ նորը, աւելին, տարբերը:

Արա կը շեշտէ, որ այդ բոլորը իրագործած պահուն եւ ընթացքին պէտք չէ առանձնանալ, այլ պէտք է կիսել այդ յաջողութիւնը հանրութեան հետ, երիտասարդութեան հետ, մասնակից դարձնել զանոնք, մղել զիրենք դէպի իրենց երազները` «Բարձրանալ եւ բարձրացնել» զիրենք, ինչպէս կ՛ըսէ նշանաբանը…

Ցոյց տալ անոնց, որ ամէն ոք կ՛անցնի դժուարութիւններէ, որոնք կրնան ազդել անոնց վրայ, սակայն պէտք չէ յանձնուիլ եւ թոյլ տալ, որ անոնք կազմեն անհատին ճակատագիրը, այլ պէտք է պայքարիլ եւ չընկրկիլ:

Խաչատուրեանին համար աւելի լաւ է, որ մարդ ունենայ մէկ ծրագիր եւ չունենայ ծրագիրներու այլ տարբերակներ: Այդ տարբերակային ծրագիրները յաճախ տուայտանքի եւ երկմտութեան պատճառ կրնան դառնալ: Պէտք է բոլոր ուժերը լարել ու կեդրոնացնել մէկ ծրագրի վրայ, փորձել, ճգնիլ եւ ջանք թափել` մինչեւ զայն իրականացնելը:

Յաջողութեան գաղտնիքը կը կայանայ նպատակին մասին երազելու, զայն սիրելու, համարձակ ու հաստատակամ ըլլալու մէջ: Ասոնք, սակայն, ըստ անոր, հինգ առ հարիւրն են յաջողութեան, իսկ 95 առ հարիւրը ճիգն է` աշխատանքն ու քրտինքը: Եւ այս մէկը միայն լեռ մը մագլցելու կամ քայեաք մը թիավարելու պարագային չէ, այլ` կեանքի բոլոր բնագաւառներուն մէջ յաջողութիւն գտնելու համար:

Դպրոցներ ու միութիւններ այցելելով` ան յաճախ կը տեսնէ, որ պատանեկութեան եւ երիտասարդութեան մէջ ջանք թափելու տրամադրութիւնները ինկած են, եւ մարդիկ նուազագոյն ջանքով կ՛ուզեն մեծ արդիւնքներ ստանալ: Ուսուցիչներու եւ պատասխանատուներու խնդրանքով անոր փորձառութիւնը յաճախ որպէս օրինակ ծառայած է` այդ համոզումը փոխելու:

Այս բոլորը ընելով, Խաչատուրեանի պատգամը աշխարհին մէկ է` խաղաղութիւնը, անոր կողքին միշտ ունենալով սէրը: Կարելի է ըսել, որ անոնք զիրար կ՛ամբողջացնեն, եւ չի կրնար ըլլալ մէկը, եթէ չըլլայ միւսը…

Ան անդրադարձաւ, որ պէտք չէ պետութիւններ իրենց ժողովուրդի զաւակները ղրկեն պատերազմի դաշտ` ուժանիւթի, կազի ու ոսկիի նման աշխարհիկ կեանքի շռայլութիւններու համար:

Խաչատուրեան երկմտեցաւ անոր ապագայ ծրագիրները յայտնելու «Ազդակ»-ին, որովհետեւ, իր կարծիքով, մարդու խօսքը խոստում մըն է, զոր պէտք է ան յարգէ եւ իրագործէ:

Այդ խոստումը պէտք է տրուի նախ անձին, բայց` ոչ միայն անոր, այլ պէտք է նուիրուի նաեւ ուրիշի մը, պէտք է ունենայ հաւաքական շահ մը, ունենայ նեցուկը ընկերոջ, բարեկամի, հարազատի, ընտանիքի եւ, ինչո՞ւ չէ, նաեւ հանրութեան ու պետութեան: Պէտք է շահիլ բոլորին վստահութիւնը, որպէսզի անոնք նաեւ ունենան իրենց ներդրումը…

Դպրոցէ մը շրջանաւարտ չեղաւ ան, սակայն կարելի է ըսել, որ յաջողեցաւ կեանքին մէջ, խելացութիւնը միայն գիտելիքներու մտաբերման եւ յիշողութեան մէջ չէ, այլ` բանիմացութեան, ճկունութեան, ուշիմութեան, համակերպելու ունակութեան եւ շատ մը ուրիշ այլ բաներու, որոնք պէտք է ճանչնալ, իւրացնել, տիրել անոնց` հասնելու համար վեհ նպատակներու:

Պատանի եղած օրերուն Տեմիրճեանի եւ Կիւլպէնկեանի նկարները տեսնելով` ան կ՛ոգեւորուէր: Դպրոց եւ ակումբներ բացած այդ բարերարները բարի օրինակներ ծառայած են անոր, եւ այնուհետեւ իր նպատակներէն մէկը դարձած է հարստանալն ու բարեսիրութիւն ընելը:

Իսկ դո՞ւն, սիրելի՛ ընթերցող, ո՞վ, կամ ի՞նչը կ՛ոգեւորէ քեզ:

Եւ ընդհանրապէս, ինչի՞ կը սպասես երազներդ իրականացնելու համար:

Օ՛ն, ահա՛ օրինակ մը` մեր միջավայրէն:

«Ազդակ»