Բերձորի Միջանցքը Բանալու Ուղղութեամբ Բանակցութիւնները Կը Շարունակուին, Նորութիւն Չկայ. Դաւիթ Բաբայեան

Աշխարհ, Հայաստան

Բերձորի միջանցքը բանալու ուղղութեամբ այս պահուն ալ բանակցութիւնները կը շարունակուին, դեռ նորութիւն չկայ: Այս մասին NEWS.am-ին յայտնած է Արցախի Հանրապետութեան նախագահի խորհրդական Դաւիթ Բաբայեան:

Ան նշած է, որ կը սպասեն նորութիւններու, դեռ չեն գիտեր՝ բանակցութիւնները ինչ արդիւնք պիտի տան:

Նշենք, որ երէկ, Աղդամի ուղղութեամբ Արցախ մտաւ մէկ բեռնատար ռուսական մարդասիրական օգնութիւնը, որմէ ետք, ըստ համաձայնութեան, պէտք է բացուէր Բերձորի միջանցքը, սակայն անիկա մինչեւ հիմա փակ է: