Մարդասիրական Օգնութեան Հարցը Չի Քաղաքականացուիր, Այլ Ինքնին Քաղաքական Է․ Վահրամ Էմմիեան

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Մեծ տէրութիւնները Բերձորի միջանցքի արգելափակման եւ անոր վերաբացման հրամայականին մասին խօսելու ընթացքին անպայման կը խօսին «մարդասիրական այլ ճամբաներու», մասնաւորաբար Ակնա-Ստեփանակերտ ճամբու բացման մասին:

Արցախի մարդասիրական կացութեան վերաբերեալ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի 16 օգոստոսի նիստի ընթացքին ՄԱԿ-ի մէջ Ռուսիոյ մնայուն ներկայացուցիչի առաջին տեղակալ Տմիթրի Փոլիանսքի յայտնեց. «Անհրաժեշտ են քայլեր Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ լարուածութիւնը թoթափելու համար` մասնաւորաբար, դադրեցնել Լաչինի միջանցքի արգելափակումը եւ օգտագործել մարդասիրական այլ ճամբաներ»:

Ապահովութեան խորհուրդի մէջ Միացեալ Նահանգներու մնայուն ներկայացուցիչ, Ապահովութեան խորհուրդի նախագահ Լինտա Թամըս-Կրինֆիլտ ընդգծեց. «Մարդասիրական մատակարարումներու յաւելեալ ուղիներու հարցով փոխըմբռնման հնարաւորութիւնը»:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդեց, որ այդ երկրի արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ 1 սեպտեմբերին տեղի ունեցած հեռաձայնային զրոյցի ընթացքին ազրպէյճանական կողմին «անգամ եւս կոչ ուղղած է վերաբանալու Լաչինի միջանցքը` մարդասիրական, առեւտրական եւ ուղեւորափոխադրումներու համար, միեւնոյն ժամանակ ընդունելով Ազրպէյճանէն լրացուցիչ երթուղիներու կարեւորութիւնը»:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա 5 սեպտեմբերին յայտնեց. «Մոսկուան հանդէս կու գայ Լաչինի միջանցքով եւ Աղտամի ճամբով մարդասիրական բեռներու անխոչընդոտ մուտքի օգտին եւ կոչ կ՛ուղղէ` խուսափելու խնդիրի քաղաքականացումէն»:

Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլի բանբերը 1 սեպտեմբերին հրապարակեց Միշէլի երկարաշունչ, ճամբու քարտէսի մը համազօր կարեւորութիւն ունեցող յայտարարութիւնը, որուն մէջ ան նշեց, որ Եւրոպական խորհուրդի նախագահը «առաջարկած է փուլային մօտեցում, որ պիտի արտացոլացնէ Լաչինի միջանցքի լիարժէք շահագործման եւ Աղտամի (Ակնա, «Վ») երթուղիի բացման յաջորդականութիւնը»:

Այս բոլորէն կարելի է եզրակացնել, որ միջազգային ընտանիքը համաձայն է  Ակնա-Ստեփանակերտ ճամբան բանալու Ազրպէյճանի առաջարկին, սակայն ոչ` Ազրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւի 30 օգոստոսին «Պի.Պի.Սի.»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին նշած Բերձորի միջանցքի վերաբացումը այդ քայլէն 24 ժամ ետք կատարելու Պաքուի դիրքորոշման: Այլ խօսքով, Ակնա-Ստեփանակերտ ճամբու բացման սկզբունքին շուրջ համախոհութիւն գոյութիւն ունի, սակայն` ոչ այդ քայլին թայմինկին, որուն ճշդումը ձգուած է Ստեփանակերտ-Պաքու բանակցութիւններուն, թէեւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն 10 սեպտեմբերին յայտնեց. «Կը կրկնենք մեր կոչը` անյապաղ եւ միաժամանակ բանալու երկու միջանցքները»:

Արցախահայութիւնը, սակայն, բացառութեամբ կարգ մը զարտուղի ձայներու, կտրուկ կերպով կը մերժէ Ակնա-Ստեփանակերտ ճամբու բացումը` քաջ գիտակցելով, որ այդ քայլը մարդասիրական չէ, այլ քաղաքական նպատակներ կը հետապնդէ:

Ազրպէյճանական կողմն ալ չի ծածկեր այդ իրողութիւնը, այլ հրապարակաւ կը յայտարարէ այդ քայլին իսկական էութիւնը` մեկնելով այն ամբարտաւան համոզումէն, որ հայերը շատ դժուար կացութեան մէջ են եւ ի վերջոյ պիտի ընկրկին ու անձնատուր ըլլալով` իրենց վիզը դնեն թրքական եաթաղանին տակ:

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով վերջերս Հունգարիա իր այցելութեան ընթացքին ազրպէյճանական ԱԶԵՐԹԱՔ լրատու գործակալութեան եւ հունգարական «Մաճար Տեմոքրաթա» հրատարակութեան հետ հարցազրոյցի ընթացքին խօսելով արցախահայութեան վերահամարկման մասին` նշեց. «Հայերու որոշ ներկայացուցիչներ ամէն ինչ կ՛ընեն, որպէսզի չարտօնեն կարելիութիւններ, կտրեն այն թելերը, որոնք ուղղակիօրէն կամ անուղղակիօրէն կրնան նկատուիլ իբրեւ հայ բնակչութեան վերահամարկման հոլովոյթի առաջին քայլերը»:

Ազրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւ 5 սեպտեմբերին «Արապ Նիուզ»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին, առանց բառերը ծամծմելու, յայտարարեց, որ Ակնա-Ստեփանակերտ ճամբան` «Պիտի ապահովէ համարկումը, ուստի Ազրպէյճանը պիտի ունենայ ուղիղ մուտք դէպի Խանքենդի (Ստեփանակերտ, «Վ») եւ անմիջական կապ` Ղարաբաղի հայերուն հետ, որոնք իրենց կարգին կարելիութիւն պիտի ունենան օգտագործելու Ազրպէյճանի հիմնական ճանապարհային համակարգը` հասնելու Ազրպէյճանի այլ շրջաններ»: Ան մէկ օր առաջ ալ յայտարարած էր. «Ազրպէյճան մտադիր է վերահամարկման հոլովոյթին սկսիլ ճամբաներու բացումով»:

Մեծ տէրութիւնները շարունակ կը զգուշացնեն «մարդասիրական օգնութիւնը քաղաքականացնելէ»: Անոնց այդ կոչը առաջին հերթին ուղղուած է Պաքուին, որ, ըստ անոնց,  շրջանի հայութեան համարկման քաղաքական նպատակը կը հետապնդէ: Ազրպէյճանը, սակայն, իսկութեան մէջ մարդասիրական օգնութեան մատակարարումը կը խափանէ հասնելու համար արցախահայութեան բնաջնջման, որ մեղմասացութեամբ «համարկում» կը կոչէ:

Մեծ տէրութիւններուն այդ յորդորը նաեւ ուղղուած է հայկական կողմին, որ սակայն այդ հարցը չի քաղաքականացներ, այլ քաջ կը գիտակցի անոր ներկայացուցած գոյութենական վտանգին: Հայկական կողմը հարցը չի քաղաքականացներ, որովհետեւ հարցը ինքնին քաղաքական է, ուստի եւ հայկական կողմին ուղղուած տողատակի մեղադրանքը` անհեթեթ: