Քիմ Քարտաշեանն ու Էրիք Իսրայէլեանը Պայտընին Կոչ Կ՝ընեն Կանխելու Երկրորդ Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Հայ հեռուստաաստղ Քիմ Քարտաշեանը եւ ֆիլմարտադրող Էրիք Իսրայէլեանը ուղերձ յղած են ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտընին՝ յոյս յայտնելով, որ ան կը կանխէ երկրորդ Հայոց Ցեղասպանութիւն։

«ՄԵՆՔ ՀԱՅ ԵՆՔ. Մենք Հայոց Ցեղասպանութիւնը վերապրածներու ժառանգներն ենք եւ չենք ուզեր ապագային խօսիլ եւս մէկ ցեղասպանութեան ճանաչման կամ ոգեկոչման մասին»,- գրած են անոնք Rolling Stone-ի մէջ հրապարակուած յօդուածին մէջ:

Անոնք կը յիշեցնեն, որ անցեալ տարուան Դեկտեմբերէն ազրպէյճանը շրջափակած է Արցախը Հայաստանին կապող միակ ճանապարհը` նշելով, որ Ուքրանիոյ պատերազմը յանգեցուցած է այն բանին, որ որոշ երկիրներ քարիւղ ներկրելու համար, ստիպուած եղած են յոյսը դնելու ազրպէյճանի վրայ: պաքուն այս հանգամանքը օգտագործելով՝ «սովը որպէս զէնք կ՝օգտագործէ տարածաշրջանի հայ բնակչութեան դէմ»։

«Այլեւս ժամանակ չկայ մտքերու, աղօթքներու կամ մտահոգութիւններու համար»,- շեշտած են Քարտաշեանն ու Իսրայէլեանը։

Ընդգծելով, որ ամբողջ աշխարհի մէջ կառավարութիւններու լռութիւնը միայն կը թեժացնէ իրավիճակը, անոնք կը խնդրեն Պայտընէն քայլեր ձեռնարկել, ճնշում գործադրելու ազրպէյճանի վրայ Բերձորի միջանցքը բանալու համար։

«Արցախի ժողովուրդը կ՝ուզէ խաղաղ ապրիլ. Հիմա իրական առաջնորդութեան ժամանակն է»,- եզրափակած են անոնք: