Յունահայութիւնը Միացած է Համայն Հայութեան՝ Բողոքելու ազրպէյճանի Ցեղասպանական Գործողութիւններուն Դէմ (տեսանիւթ)
Յունահայութիւնը եւս միացած է համայն հայութեան՝ բողոքելու ազրպէյճանի ոտնձգութիւններուն եւ ցեղասպանական գործողութիւններուն դէմ։ Այս մասին Alpha News-ի ուղիղ եթերով ըսած է Յունաստանի «Ազատ օր» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Քերոբ Էքիզեան։
«Այդ շարժումը նոր չէ, ասիկա առաջին իսկ օրերէն եղաւ, երբ ազրպէյճանը իրագործեց 44-օրեայ պատերազմը, եւ հազիւ այդ պատերազմի բռնկումէն երկու-երեք օր ետք յունահայութիւնը առաջինն էր, որ ցոյց կազմակերպեց՝ բողոքելու ազրպէյճանի սանձազերծած պատերազմին դէմ։ Այնուհետեւ ամէն առիթներով, Հայ Դատի յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ, յունահայութիւնը բազմիցս հրապարակային ցոյցերով ու ելոյթներով ոտքի կանգնեցաւ, ցոյց տուաւ իր զօրակցութիւնը Հայաստանին ու Արցախի ժողովուրդին»,- նշած է ան։
Ըստ Քերոբ Էքիզեանին՝ յունահայութիւնը նաեւ ցոյցեր կազմակերպած է Յունաստանի մէջ Հայաստանի դեսպանատան առջեւ` ի զօրակցութիւն Արցախի ու արցախահայութեան։
«Մենք նաեւ բողոքի զօրակցութեան հաւաք կազմակերպեցինք Աթէնքի հայկական դեսպանութեան առջեւ, ոչ թէ բողոքելու պետութեան դէմ, այլ զօրակցելու Արցախի ժողովուրդին։ Սփիւռքի մէջ մենք կը նկատենք, որ ՀՀ բոլոր դեսպանութիւնները մեր Արցախի դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններն են։ Մանաւանդ, երիտասարդներու ներկայութիւնը եւ ժողովուրդին պատրաստակամութիւնը շատ կարեւոր էր, որպեսզի զօրակցինք մեր ժողովուրդին։ Շատ ցցուն էր, զօրաւոր էր, այդպէս ալ կը շարունակենք»,- ըսած է յունահայ համայնքի ներկայացուցիչը։
Ան շեշտած է, որ բողոքի այս դրսեւորումներուն հետ մէկտեղ, իրենք կ՝ունենան նաեւ քաղաքական յատուկ հանդիպումներ։
«Անցեալ Ապրիլին յունահայ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կը կազմէր յունահայոց թեմակալ առաջնորդը, կուսակցական, ազգային, միութենական եւ ամէն տեսակի միութիւններու ներկայացուցիչներ, հանդիպումներ ունեցան Յունաստանի Ազգային ժողովի նախագահին հետ։ Անոր յանձնեցին յատուկ նամակ, որուն մէջ կոչ կ՝ընէինք Յունաստանի պետութեան եւ ԱԺ-ին, ինչպէս նաեւ կառավարութեան, որպէսզի զօրավիգ կանգնին Արցախի ժողովուրդին»,- ըսած է ան։
Էքիզեան ընդգծած է՝ Յունաստանը Հայաստանի իւրայատուկ դաշնակիցն է ու իւրայատուկ կապեր կան այս երկու պետութիւններուն միջեւ արդէն աւելի քան 30 տարի։