Արցախի Մէջ Սովամահութեան Դէպք Արձանագրուած է

Հայաստան

Արցախի Հանրապետութեան մէջ սովամահութեան դէպք գրանցուած է։ Այս մասին Facebook-ի իր էջով տեղեկութիւն տարածած է ԱՀ մարդու իրաւունքներու պաշտպան (ՄԻՊ) Գեղամ Ստեփանեան։

«Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի աշխատակազմ ստացուած տեղեկատուութեան եւ ՄԻՊ աշխատակազմին կողմէ իրականացուած ուսումնասիրութիւններով պարզուած է, որ Ստեփանակերտի բնակիչ, 1983 թուականի ծնունդ Կ. Յովհաննիսեանը մահացած է քրոնիկ թերսնուցման, սպիտակուցներու անբաւարարութեան հետեւանքով։

Ըստ դատաբժշկական փորձաքննութեան եզրակացութեան եւ անձի մահուան մասին վկայականի Կ. Յովհաննիսեանի մահուան պատճառ հանդիսացած է՝ «արտայայտուած ալիմենդար տիսդրոֆիա (սննդանիւթերու երկարատեւ եւ ոչ լիարժէք ընդունման հետեւանքով ընդհանուր հիւծուածութիւն, այտուցներ, նիւթափոխանակութեան բոլոր ձեւերու խանգարում, օրկաններու կազմափոխութեամբ եւ գործառնութեան խանգարումներով), կախեքսիա, սպիտակուցներու անբաւարարութիւն, կուաշիորկոր (սնուցման խանգարման յատուկ՝ ծանր տարատեսակ, որ կը զարգանայ օրկանիզմին մէջ սնունդի մէջ սպիտակուցներու ոչ բաւարար պարունակութեան պարագային, հիւանդութեան զարգացման կը նպաստեն կենցաղային ծանր պայմանները, ցած կենսամակարդակը), երկկողմանի փոլիսեկմենդար թոքաբորբ՝ աջէն կռուպոզ տարրի գերակշռումով, թոքերու այտուց, խառը մեթոպոլիք, հիպոքսիկ էնցեֆալոպաթիա, ներքին օրկաններու՝ երիկամներու դիստրոֆիա, անեմիա, սեպտիկ վիճակ, աջակողմեան հիդրոթորաքս, քրոնիկական թերսնուածութիւն»:

ազրպէյճանի կողմէ Արցախի ութ ամիս շարունակուող շրջափակման աղէտալի հետեւանքները հանրային առողջութեան վրայ առաւել քան նկատելի եւ շօշափելի են, որոնք առաջնահերթ կ՝արտայայտուին հասարակութեան խոցելի խումբերու՝ երեխաներու, յղիներու, քրոնիկ հիւանդութիւն ունեցող անձերու, հաշմանդամներու եւ տարեցներու առողջական իրավիճակին վրայ։

Շրջափակման եւ յատկապէս երկամսեայ լիակատար պաշարման հետեւանքով յառաջացած պարէնային աղէտալի իրավիճակը եւ անոր հետեւանքով անձանց թերսնուցումն ու սովի սպառնալիքը, անհրաժեշտ դեղորայքի բացակայութիւնը եւ առողջապահական համակարգի լիարժէք գործելու անհնարինութիւնը ուղիղ եւ անառարկելի սպառնալիքներ կը ստեղծեն Արցախի 120 հազար բնակչութեան համար»,- նշած է Ստեփանեան։