«Արթնացի՛ր Աշխարհ: Կանխէք՛ Ցեղասպանութիւնն Արցախում: Դադարեցրէ՛ք Շրջափակումը»
Հայաստանի ժուռնալիստներու միութեան եւ հայաստանեան լրատուամիջոցներու նախաձեռնութեամբ սկիզբ կ՝առնէ. «Արթնացի՛ր աշխարհ: Կանխէ՛ք Ցեղասպանութիւնն Արցախում: Դադարեցրէ՛ք շրջափակումը» արշաւը, որմով մեր ձայնը կը բարձրացնենք՝ ի պաշտպանութիւն Արցախի մեր հայրենակիցներուն: Կոչ կ՝ընենք Հայաստանի եւ աշխարհի բոլոր հայկական լրատուամիջոցներուն, լրատու-անհատներուն, միջազգային եւ հայաստանեան լրատու-կազմակերպութիւններուն, ազատ լրագրողներուն, bloger-ներուն միանալու արշաւին՝ տարածելով սոյն յայտարարութիւնը, լրատուամիջոցներու եւ հասարակական ցանցերու էջերուն մէջ տեղադրելով հետեւեալ բաններները՝ այնքան ժամանակ, մինչեւ կը բացուի Արցախը Հայաստանին կապող ԿԵԱՆՔԻ ՃԱՆԱՊԱՐՀԸ:
«Արցախի՝ կէս տարիէն աւելի շարունակուող ազրպէյճանական շրջափակումը, իսկ հիմա արդէն՝ ամբողջական մեկուսացումով, յանգեցուցած է մարդկայնական ծայրայեղ ճգնաժամի: Արցախի 120,000 ժողովուրդը, ներառեալ՝ 30 հազար երեխաներ, կ՝ապրին սննդամթերքի, մանկական կերի, դեղորայքի, պենզինի ու քարիւղի, կազամատակարարման բացակայութեան եւ ելեկտրականութեան հովհարային անջատումներու, սովի մատնուելու վտանգի պայմաններուն մէջ:
120,000 արցախցի ամեն օր կ՝ապրի ֆիզիքական բնաջնջման, հայրենիքի կորուստի, ցեղական զտման, իր տունէն եւ բնօրրանէն զրկուելու բացայայտ սպառնալիքի ներքոյ: Իւրաքանչիւր օրուան հետ իրավիճակը խորացնող ճգնաժամը կը սպառնայ մարդկային ճակատագրերով. մարդիկ կ՝ապրին կեանքի համար իրական վտանգի պայմաններու մէջ՝ ըլլալով ազրպէյճանական ամենօրեայ զինուած շրջափակման ներքոյ, չունենալով բժշկական օգնութեան հնարաւորութիւն:
Արցախը ապաշրջափակելու՝ միջազգային հանրութեան հռչակագրային կոչերը գործնական հետեւանքներ չեն ունենար, եւ ազրպէյճանը անարգել կը շարունակէ Արցախի ցեղական զտման իր մտադրուած հակամարդկային ու յանցաւոր քաղաքականութիւնը:
Հայաստանի լրատուամիջոցները, այս պահէն սկսեալ, իրենց կայքերուն, թերթերու առաջին էջերուն վրայ պիտի հրապարակեն միջազգային կազմակերպութիւններուն, երկիրներու քաղաքական, գիտական, մշակութային, կրօնական շրջանակներուն, աշխարհին ուղղուած այս ահազանգը՝ փորձելով հրաւիրել բոլոր անոնց ուշադրութիւնը, որոնք մարդը, մարդկային կեանքը վեր կը դասեն ցանկացած աշխարհաքաղաքական կամ տնտեսական շահէ:
Այս նախաձեռնութեամբ մենք՝ զանգուածային լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներս, կը կատարենք մեր քայլը՝ մարդկային կեանքեր փրկելու անհետաձգելի գործին համար:
Վաղը կրնայ ուշ ըլլալ»: