«Sunrise Stepanakert» Արուեստի Փառատօնին Ընթացքին՝ «Խօսք եւ Շարժում» Խորագիրով Վարպետաց Դաս

Այլեւայլ, Հայաստան

Անցնող շաբաթավերջին եզրափակուած է «Sunrise Stepanakert» արուեստի փառատօնը, որուն ծիրէն ներս՝ ի թիւս շարք մը այլ միջոցառումներու՝ տեղի ունեցած է նաեւ «Խօսք եւ շարժում» խորագիրով վարպետաց դաս:

Ըստ Artsakhpress.am-ի՝ դասընթացավար, Ստեփանակերտի Վ. Փափազեանի անուան պետական դրամատիկական թատրոնի դերասանուհի Մարիաննա Գրիգորեանը յայտնած է, որ մասնակիցներուն նախ ներկայացուած են խօսքի, այնուհետեւ հանրային խօսքի տարբերութիւններն ու առանձնայատկութիւնները:

Нет описания.

«Մանրամասնեցինք՝ հանրային գործիչի ելոյթ ունենալու հմտութիւնները, որմէ ետք տեղափոխուեցանք թատերական աշխարհ՝ պարզաբանելով, թէ ինչ կը ներկայացնեն խօսքը եւ շարժումը թատրոնի դերասանի պարագային»,- աւելցուցած է ան, ըստ որուն՝ վարպետաց դասի մասնակիցներէն շատերը յայտագրուած էին հանրային գործիչի հմտութիւններուն տիրապետելու նպատակով:

Нет описания.

Տեսական գիտելիքները ամրապնդելու համար վարպետաց դասին ընթացքին կազմակերպուած են նաեւ համապատասխան խաղեր, իսկ դասընթացի աւարտին տեղի ունեցած է աշխոյժ քննարկում: Դասընթացավարին խօսքով՝ հովհարային անջատումներու ընթացքին չեն կրցած կազմակերպել նաեւ ծրագիրով նախատեսուած վարժանքներու դիտումներ ու նիւթերու ընթերցումներ: