թուրքիոյ Բողոքէն Ետք Նազիկ Աւտալեանը Ծանրամարտի Պատանեկան ԵԱ Պահեստային Մրցավար Դարձած է

Այլեւայլ, Աշխարհ, Հայաստան

թրքական եւ ազրպէյճանական զանգուածային լրատուամիջոցները տարածած էին տեսանիւթ, որուն մէջ Մոլտովայի մէջ ընթացող ծանրամարտի պատանեկան առաջնութեան ժամանակ՝ Աշխարհի ու Եւրոպայի ախոյեան, մրցաշարի մրցավար Նազիկ Աւտալեանը կքանստած է թուրքիոյ օրհներգը հնչելու ժամանակ:

Mediamax Sport-ին Աւտալեանը յայտնած է, որ հիմա առաջնութեան մէջ պահեստային մրցավար է:

«Տեղափոխած են պահեստային, քանի որ ըստ ինծի հասած տուեալներուն՝ թուրքիոյ ծանրամարտի ֆետերասիոնը բողոքած է։ Չեմ գիտեպ, թէ յետոյ ինչ պիտի ըլլայ։ Իսկ առհասարակ, ոչ միայն այս հարցին հետ կապուած, ես ինչպէս յաղթանակներն կ՝ընդունիմ արժանապատիւ, այնպէս ալ՝ հարուածները: Ամէն ինչ լաւ է»,- նշած է Աւտալեանը: