
«Ամբողջ Իշխանութիւնը Կը Պատկանի Ժողովուրդին» Արտայայտութիւնը Կիրառման Ենթակայ Հզօրագոյն Գործիք է․ Յայտարարութիւն
Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի բոլոր խմբակցութիւնները կ՝ողջունեն «Համախմբում» շարժման «ՀայաՔուէ» օրէնսդրական նախաձեռնութիւնը եւ կը մաղթեն յաջողութիւններ:
Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան կացութեան շուրջ ստեղծուած աննախադէպ իրավիճակի պայմաններուն մէջ՝ այդ օրէնսդրական նախաձեռնութիւնը կոչուած է կանխելու Արցախի ժողովուրդի հաւաքական կամքի դրսեւորման անբեկանելի իրողութիւնը շրջանցելու որեւէ նկրտում: Անիկա կ՝երաշխաւորէ հայ մարդուն իր երկրի ճակատագրական հարցերու լուծման անմիջական մասնակից ըլլալու սկզբունքային խնդիրը: Արցախի կարգավիճակը, ըստ այդմ ալ` արցախցիներուն անվտանգ ապրելու հիմնարար իրաւունքի ապահովելը պէտք է ըլլայ Հայաստանի Հանրապետութեան ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան առանցքային բաղադրիչը:
Լիայոյս ենք, որ խելամիտ համակողմանի քայլերու իբրեւ արդիւնք «ՀայաՔուէ»-ն նշուած ուղղութիւններուն մէջ կ՛ունենայ առանցքային նշանակութիւն: Ասիկա ժողովուրդի իշխանութեան օրինակելի նախաձեռնութիւն է, քանզի «ամբողջ իշխանութիւնը կը պատկանի ժողովուրդին» արտայայտութիւնը ոչ թէ մերկապարանոց լոզունգ է, այլ կիրառման ենթակայ հզօրագոյն գործիք:
Արցախը պիտի չընկրկի թշնամիին առջեւ, թոյլ պիտի չի տանք մեր ազգային ազատագրական արդար պայքարը անամօթաբար «ահաբեկչութիւն» անուանել, իրաւունքի հանրաճանաչ կանոններով ամրագրուած մեր հիմնարար իրաւունքներուն համար մղուող պայքարի ոգին:
Ելակէտ ընդունելով այն, որ համազգային խնդիրները պէտք է լուծել բացառապէս համազգային ընթացակարգերով, մէկ անգամ եւս պէտք է արձանագրուի, որ Արցախի ժողովուրդը ազատ եւ անկախ ապրելու իր կամքը ամրագրած է 1991 թուականի Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հռչակագրով, 1991 թուականի հանրաքուէին արդիւնքներով, 1992 թուականի Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պետական անկախութեան մասին հռչակագրով:
Արցախի ժողովուրդի իրացուած ինքնորոշման իրաւունքի փաստին որեւէ խմբագրում հնարաւոր է բացառապէս ժողովրդական կամարտայայտութեամբ, ուստի, առանձին անձինք եւ շրջանակներ իրաւասու եւ լիազօրուած չեն վճռահատելու համազգային առանցքային հարցերը:
Աստուած պահապան մեր հայրենիքին եւ մեր հայրենակիցներուն:
«ԱԶԱՏ ՀԱՅՐԵՆԻՔ» ԽՄԲԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
«ՄԻԱՍՆԱԿԱՆ ՀԱՅՐԵՆԻՔ» ԽՄԲԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
«ԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆ» ԽՄԲԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
«ՀՅ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆ» ԽՄԲԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
«ԱՐՑԱԽԻ ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ» ԽՄԲԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
Ստեփանակերտ
4 Յուլիս 2023