
Սուրէն Աղաճանեան՝ Եւրոպայի Փոխ Ախոյեան
Սպանիոյ Սանդիակօ տէ Գոմբոսդելա քաղաքին մէջ ընթացող յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի Եւրոպայի երիտասարդական առաջնութեան Սուրէն Աղաճանեան (60 քկ) ոսկի մետալի համար պայքարին 1-6 հաշուով պարտուեցաւ վրացի Անրի Խոզրեվանիձէն: Այս մասին կը հաղորդէ shantnews.am-ը
Հայաստանի ներկայացուցիչը կիսաեզրափակիչին 8-1 հաշուով յաղթած էր լեհ Դոմաշ Սգրիբչագան: Աղաճանեանը պայքարը սկսած էր 1/8 եզրափակիչէ, ուր 8-0 հաշուով յաղթած էր իսրայէլցի Մելգամ Ֆեդենէն, իսկ քառորդ եզրափակիչին 8-3 հաշուով առաւելութեան հասած է ուքրանացի Տանիիլ Պիդգայի նկատմամբ:
Երէկ Հայաստանի հաւաքականը նուաճած էր մէկական ոսկի, արծաթ եւ պրոնզ մետալ: