Պատրաստակամ Ենք Շարունակելու Մեր Նահատակներուն Սուրբ Գործը․ ԱՀ Ազգային Ժողով
ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ
ազրպէյճանի զինուած ուժերը, հերթական անգամ կոպտօրէն խախտելով 2020 թ. Նոյեմբեր 9-ին ընդունուած Եռակողմ յայտարարութեամբ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հաստատուած հրադադարի վարչաձեւը, ս.թ. Յունիս 27 լոյս 28-ին, ժամը 1։30-էն սկսեալ, տարբեր զինատեսակներէ կրակած են Արցախի Հանրապետութեան տարածքին ուղղութեամբ, որուն հետեւանքով զոհուած է 4 հայրենակից:
ազրպէյճանի կողմէ Արցախի լիակատար շրջափակման պայմաններուն մէջ, հրետանային միջոցներու եւ անօդաչու թռչող սարքերու կիրառմամբ Արցախի Հանրապետութեան քաղաքացիներու այս հերթական սպանութիւնը կը վկայէ, որ այդ հանրապետութեան ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը, անտեսելով միջազգային հեղինակաւոր կառոյցներուն կոչերն ու որոշումները, խաղաղութեան եւ երկխօսութեան կեղծ օրակարգերով սքողուած, ցեղասպանական գործողութիւններով կը ձգտի ռազմական, քաղաքական, տնտեսական գործիքակազմերու կիրառմամբ հասնիլ իր հիմնական նպատակին՝ Արցախի վերջնական հայաթափման:
Ուշագրաւ եւ յատկանշական է, որ ազրպէյճանի կողմէ հրադադարի վարչաձեւի պարբերաբար իրականացուող խախտումներուն այս նոր միջադէպը, նախորդ դէպքերուն համանման, նոյնպէս արձանագրուած է այն ժամանակ. երբ ներկայիս ԱՄՆ պետական քարտուղարի միջնորդութեամբ Ուաշինկթընի մէջ տեղի կ՝ունենան Հայաստանի եւ ազրպէյճանի արտաքին գործերու նախարարներուն հերթական բանակցութիւնները՝ հայ-ազրպէյճանական հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման հարցերուն շուրջ: Ատիկա, անշուշտ, մէկ անգամ եւս կը վկայէ ու կը հաստատէ, որ «խաղաղութեան պայմանագիր»-ին շուրջ տեղի ունեցող այս բանակցութիւնները իկանութեան մէջ նոյնպէս ուրիշ բան չեն, քան տարածաշրջանին մէջ տեւական խաղաղութեան ու կայունութեան հաստատման մթնոլորտի ձեւաւորման նմանակում՝ իբր թէ միջազգային ջանքերու ծիրին մէջ:
Խորապէս անհանգստացած առկայ վտանգաւոր իրողութեամբ՝ Արցախի Հանրապետութեան ժողովուրդին անունով կը դիմենք.
– ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդին, ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահ երկիրներու ղեկավարներուն՝ կարեկցանքի յայտարարութիւններէն, յորդորներէն եւ խորհուրդներէն զատ ձեռնարկելու յստակ գործնական քայլեր, մասնաւորապէս, պատժամիջոցներ կիրառելու ազրպէյճանի նկատմամբ՝ զսպելով անոր յարձակողական նկրտումները: Համոզուած ենք, որ երկակի չափանիշերով գործելաոճը աւելի կ՝ոգեւորէ ազրպէյճանը՝ զայն դարձնելով սանձարձակ եւ անվերահսկելի:
– Ռուսիոյ Դաշնութեան՝ խաղաղապահ առաքելութեան ծիրէն ներս առաւել կոշտ միջոցներով կասեցնելու ազրպէյճանի հակամարդկային, ցեղասպան գործողութիւնները:
– Ուաշինկթընեան բանակցութիւններուն Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութեան՝ անյապաղ դադրեցնել մեկնարկած բանակցութիւնները՝ մինչեւ Արցախի հետ սահմանին եւ ՀՀ սահմաններուն վրայ լիակատար հրադադարի հաստատումը եւ զայն պահպանելու փաստաթղթային երաշխիքներու տրամադրումը, հակառակ պարագային, բանակցութիւններու շարունակումը կը նշանակէ ազրպէյճանական կողմի յարձակողական պահուածքի խրախուսում եւ միջազգային մակարդակով արտօնութիւն:
Մեր խոնարհումը բերելով յանուն հայրենիքի իրենց կեանքը նուիրաբերած մեր չորս նահատակներուն յիշատակին՝ պատրաստակամ ենք շարունակելու անոնց սուրբ գործը:
Ազգային Հանրապետութեան Ազգային Ժողով