Ի՞նչ Կը Մտածեն Ուրսուլա Ֆոն Տեր Լէյէնն ու Շառլ Միշելը Այս «Յուսալի Գործընկեր»-ոջ Մասին. Ֆրանսացի Պատգամաւոր

Աշխարհ, Հայաստան

Ֆրանսայի խորհրդարանի պատգամաւոր, Ֆրանսա-Հայաստան բարեկամութեան խումբի ղեկավար Անն-Լորանս Բեդելը դատապարտած է ազրպէյճանական յարձակումը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ:

«Ֆրանսա-Հայաստան բարեկամութեան խումբին անունով վճռականօրէն կը դատապարտեմ ազրպէյճանական յարձակումը, որ նախորդ գիշեր Արցախէն խլած է չորս զինուորի կեանք: Այն ժամանակ, երբ շրջափակումը տեւած է արդէն 200 օր, ալիեւը կը շարունակէ ի ցոյց դնել Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ցեղական զտման իր ծրագրերը: Ի՞նչ կը մտածեն (Եւրոյանձնաժողովի նախագահ) Ուրսուլա ֆոն տեր Լէյէնն ու (Եւրոպական խորհուրդի ղեկավար) Շառլ Միշելը այս «յուսալի գործընկեր»-ոջ մասին»,- Twitter-ի իր էջին վրայ գրած է պատգամաւորը:

Յիշեցնենք, որ ազրպէյճանի զինուած ուժերու ստորաբաժանումները Յունիս 28-ին՝ ժամը 01:30-էն, հրետանային միջոցներով կրակած են Մարտունիի եւ Մարտակերտի հայկական դիրքերուն ուղղութեամբ` կիրառելով նաեւ ԱԹՍ-ներ։ Հայկական կողմը ունի 4 զոհ: