
Գոհաբանական Մաղթանք եւ Դրօշակի Օրհնութիւն՝ Նիւ Եորքի Մէջ
Կիրակի, Մայիս 28-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան գոհաբանական մաղթանք եւ դրօշակի օրհնութիւն տեղի ունեցաւ Նիւ Եորքի Սուրբ Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ, առաջին անկախութեան 105-ամեակին առիթով, նախագահութեամբ Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի, մասնակցութեամբ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժպ. Տ. Մեսրոպ Քհն. Լագիսեանի, Թրոյի (Նիւ Եորք) այցելու հովիւ՝ Արժպ. Տ. Վահան Քհն. Գույումճեանի, եւ խորանի ծառայողներու: Այս մասին կը հաղորդէ «Հայրենիք»-ը։
Սուրբ Պատարագին յաջորդեց հոգեհանգստեան յատուկ արարողութիւն Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսէի ճակատամարտերուն ինկած հերոսներուն եւ Արցախի պայքարի մերօրեայ նահատակներուն համար։