
ազրպէյճանցիները Վանտալութեան Ենթարկած են Հադրութի Կեդրոնական Գրադարանը
ազրպէյճանցիները աւերած են բռնագրաւուած Հադրութ քաղաքի կեդրոնական գրադարանը։
Այս մասին, ըստ Artsakhpress.am-ի, տեղեկացուցած է Հադրութի Աւ. Իսահակեանի անուան կեդրոնական գրադարանի տնօրէն՝ Վարսիկ Ամիրջանեանը, որ ազրպէյճանական լրատուամիջոցներուն տարածած տեսանիւթին մէջ նկատած է, որ շինութիւնը կը բացակայի:
«Հադրութի կեդրոնական գրադարանին շէնքը կառուցուած էր 1932 թուականին: ազրպէյճանցիներուն հրապարակած տեսանիւթէն կ՝երեւի, որ գրադարանի շէնքէն գրեթէ ոչինչ մնացած է»,- ըսած է գրադարանի տնօրէնը։
Անոր խօսքով՝ 2020 թուականի տուեալներով գրադարանի ֆոնտը կը կազմէր մօտ` 39,720 գիրք։ Ունէինք մօտ 750-800 ընթերցող: Այս պահուն գրքային ֆոնտէն տեղեկութիւն չկայ»,- նշած է Վ. Ամիրջանեանը՝ աւելցնելով, որ պիտի դիմեն Արցախի մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան պետական խորհուրդին՝ ազրպէյճանական մշակութային հերթական վանտալութեան դրսեւորումը միջազգային ատեաններուն մէջ բարձրաձայնելու համար: