
Genocide Watch-ը Կը Զգուշացնէ Ցեղասպանութեան Նախանշաններուն Մասին. Լաչինի Միջանցքին Վերաբերեալ Քննարկում՝ ՄԹ Խորհրդարանէն Ներս
Միացեալ Թագաւորութեան Համայնքներու պալատէն ներս, Յունուար 24-ին, կազմակերպուած էր յատուկ քննարկում՝ նուիրուած Լաչինի միջանցքի փակման ու անոր մարդկայնական հետեւանքներուն։ Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress.am-ը։
Քննարկումներուն ժամանակ ՄԹ-ՀՀ բարեկամութեան խումբի ղեկավար Թիմ Լոութընը նշած է, որ անցեալ տարի մեկնած էր ՀՀ եւ տեղւոյն վրայ տեսած, թէ ինչ կը կատարուի։
«Ներկայիս վիճակը 2020 թ․ Նոյեմբեր 9-ի յայտարարութեան դրոյթներու կոպտագոյն խախտում է։ Անցեալ տարի Սեպտեմբերին ազրպէյճանը յարձակած է ՀՀ ինքնիշխան տարածքին վրայ։ Լեռնային Ղարաբաղը միշտ եղած է Հայաստանի անքակտելի մասը։ ազրպէյճանը Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան ցեղական զտման քաղաքականութիւն վարած է՝ ներառեալ ահաբեկիչներու միջոցով։ ՀՀ ինքնիշխան տարածքին վրայ յարձակումներ եղած են, ազրպէյճանը ոչնչացուցած է հայկական մշակութային ժառանգութիւնը։ ազրպէյճանը գրաւած է Հադրութը, Շուշին, որոնք հայկական տարածքներ են։ Ռազմագերիները դեռ չեն վերադարձուած, արտադատական սպանութիւններ կատարած են հայ գերիներուն հանդէպ, բարձրախօսներով կոչ ըրած են ԼՂ հայերուն հեռանալու ԼՂ-էն։ Լաչինի միջանցքի փակման կը մասնակցին «գորշ գայլեր»-ու ներկայացուցիչները։ ազրպէյճանի յատուկ ծառայութեան ուժերը եւս ներկայ եղած են Լաչինի միջանցքի փակման։ Կազամատակարարումը, հոսանքը, համացանցային կապը անջատուած են ազրպէյճանի կողմէ։ Ասիկա դիտաւորեալ եւ հաշուարկուած ցեղական զտման քաղաքականութիւն է։ Ես այստեղ կոչ կ՝ընեմ նաեւ ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը»,- նշած է Լոութընը։
Լէյպըրիստական կուսակցութեան ներկայացուցիչ, ՄԹ-ՀՀ բարեկամութեան խումբի անդամ Ճէսիքա Մորտընը իր հերթին նշած է.
«44 օր է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մարդկայնական ծանր վիճակը կը շարունակուի։ ԼՂ ժողովուրդը չի կրնար տեղաշարժիլ, ծանր ձմրան իրավիճակին ուժանիւթային շրջափակման մէջ է, սնունդի, դեղորայքի պակաս կայ։ 120,000 մարդ շրջափակման ենթարկուած է։ Ասիկա մտադրուած գործողութիւն է։ Կազը անջատած են ձմրան ցուրտին, երբ -5 է, դպրոցները փակ են, հիւանդանոցները չեն կրնար բուժօգնութիւն տրամադրել, երեխաները բաժնուած են իրենց ծնողներէն։ Ի՞նչ կ՝ընէ ՄԹ կառավարութիւնը այլ երկիրներու կառավարութիւններու հետ միասին այս վիճակին վերջ տալու համար։ Անհրաժեշտ է օդային հաղորդակցութիւն բանալ դէպի Լեռնային Ղարաբաղ, միանալ Եւրոպական խորհրդարանի վերջին բանաձեւի դրոյթներուն։ Ես Ուէլսէն եմ, այնտեղ Հայոց Ցեղասպանութեան եզակի յուշահամալիր տեղադրուած է ՄԹ-ի մէջ։ Միջազգային հանրութիւնը պէտք է ամէն ինչ ընէ այս իրավիճակին վերջ տալու համար»։
Դեմոկրատական-եունիընիստական կուսակցութիւնը ներկայացնող Ճէյմ Շէնընը ընդգծած է, որ Լաչինի միջանցքին փակումը աղէտ է, 120 հազար հայ քրիստոնեայ շրջափակման մէջ է, կազ, ելեկտրականութիւն, սնունդ, դեղորայք չկայ։
«Genocide Watch-ը իրավիճակը կը համարէ ցեղական զտում։ ազրպէյճանը կ՝ոչնչացնէ հայկական ժառանգութիւնը։ ՄԹ կառավարութիւնը ի՞նչ քայլեր կը ձեռնարկէ քրիստոնեայ հայերը պաշտպանելու համար։ ՌԴ խաղաղապահները չեն կրնար ապահովել Լաչինի միջանցքին բացումը։ ազրպէյճանը ապօրինի ռուսական կազ կ՝արտահանէ Եւրոպա»,- նկատած է ան:
Սքոթլանտիայի ազգային կուսակցութեան ներկայացուցիչ Քարոլ Մոնակընի բնորոշումով՝ Լաչինի միջանցքին փակումը թշնամանքի վերջին դրսեւորումն է ազրպէյճանի կողմէ։ Ընտանիքները բաժնուած են, դեղորայք, կազ, ելեկտրականութիւն, սնունդ չկայ։ Մարդկայնական ծանր վիճակ ստեղծուած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ։
«Մենք պէտք է դիտարկենք պատժամիջոցները, օդային հաղորդակցութեան բացումը ԼՂ համար։ 120 հազար մարդ ծանր իրավիճակի մէջ է»,- ըսած է ան:
Նոյն կուսակցութենէն Քրիս Լոուն ալ Լաչինի միջանցքին փակումը ազրպէյճանի կողմէ համարած է մարդկութեան դէմ յանցագործութիւն։ Ան նշած է, որ ազրպէյճանը տարիներ շարունակ թշնամական հռետորաբանութիւն կը կիրառէ Հայաստանի հանդէպ։ Ուժով կ՝ուզէ դատարկել ԼՂ-ն։
«Մէկ տասնեակէ աւելի միջազգային ոչ կառավարական կազմակերպութիւններ նշած են, որ առկայ են ցեղական զտման եւ ցեղասպանութեան նախանշաններ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ։ ՄԹ կառավարութիւնը պէտք է վերջ դնէ Լաչինի միջանցքի շրջափակման»,- նկատած է ան:
Մարթին Տէյը մատնանշած է, որ Հայաստանը իբրեւ տարածաշրջանին մէջ ժողովրդավարական պետութիւն, պէտք է աւելի մեծ աջակցութեան արժանանայ.
«Մարդկայնական աղէտ է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, կամ Արցախի, ինչպէս հայերը կ՝ըսեն։ Լաչինի միջանցքը միակ կապուղին է, որ արգելափակուած է ազրպէյճանի կողմէ։ 120 հազար մարդ ենթարկուած է դաժան տառապանքներու։ Genocide Watch-ը կը զգուշացնէ ցեղասպանութեան նախանշաններուն մասին։ ալիեւը կը յայտարարէ, որ Երեւանը ազրպէյճանի պատմական տարածք է։ ազրպէյճանը կեղծ խօսոյթներ կը շրջանառէ ԼՂ հայերու ցեղական զտման համար։ ազրպէյճանի հանդէպ պատժամիջոցները եւս պէտք է դիտարկուին։ Հայաստանը, իբրեւ տարածաշրջանին մէջ ժողովրդավարական պետութիւն, պէտք է աւելի մեծ աջակցութեան արժանանայ»։
ՄԹ-ՀՀ բարեկամութեան խումբի անդամ, անկախ պատգամաւոր Ռուպա Հաքն ալ նկատածէ, որ թուրքիան եւս ընդգրկուած եղած է հակամարտութեան մէջ։
«Լաչինի միջանցքը փակ է։ ազրպէյճանը, ոգեւորուած ՌԴ անտարբերութեամբ, ցեղական զտումներ կ՝իրականացնէ։ թուրքիան եւս ընդգրկուած եղած է հակամարտութեան մէջ։ Մարդկայնական իրավիճակը ծանր է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ։ ազրպէյճանը կը խափանէ կազի մատակարարումը, երեխաները բաժնուած են իրենց ծնողներէն։ Համացանց, ելեկտրականութիւն, դեղորայք, սնունդ եւ առաջին անհրաժեշտութեան պարագաներ զգալիօրէն կը բացակային»,- ըսած է ան:
Լէյպորիստական կուսակցութեան ներկայացուցիչ, Եւրոպայի հարցերով ստուերային նախարար Սթիւըն Տաութը խորապէս մտահոգուած է Լաչինի միջանցքին փակումով, ու կոչ կ՝ընէ՝ շրջափակման վերջ դնելու:
«120,000 մարդ ծուղակի մէջ է, համացանց, ելեկտրականութիւն, դեղորայք, սնունդ չկայ։ Ի՞նչ քայլեր ձեռնարկած է ՄԹ կառավարութիւնը խնդիրը յանգուցալուծելու համար»,- ըսած է ան:
ՄԹ Ֆորէյն Օֆիսի Ամերիկայի եւ Գարիպեան երկիրներու հարցերով նախարար Տէյւիտ Ռութլին նշած է, որ ՄԹ-ն կ՝աջակցի Պետքարտուղար Էնթընի Պլինքընի կողմէ ձեռնարկուած քայլերուն: Ան նկատած է, որ հակամարտութիւնը ռազմական լուծում չունի, խնդիրը պէտք է կարգաւորուի դիւանագիտական ճանապարհով. Լաչինի միջանցքը փակուած է ազրպէյճանցի ցուցարարներու կողմից՝ զրկելով Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութիւնը ապրուստի պայմաններէն։
«Նոյեմբեր 9-ի յայտարարութեան մէջ նշուած է Լաչինի միջանցքով անարգել անցնելու դրոյթը։ 2022 թ․ Դեկտեմբեր 13-ին Լէօ Տոհերթին Լաչինի միջանցքին վերաբերեալ կատարած է յայտարարութիւն, 2023 թ․ Յունուար 18-ին հեռախօսազրոյց ունեցած է ՀՀ ԱԳ նախարարին հետ։ ՄԹ կառավարութիւնը ուղղակիօրէն կ՝ըսէ, որ ազրպէյճանի կառավարութիւնը պէտք է բանայ Լաչինի միջանցքը։ Մեր ուղերձը յստակ է՝ Լաչինի միջանցքը պէտք է բացուի եւ բանակցութիւններու միջոցով խաղաղութիւն հաստատուի։ Մենք կ՝աջակցինք միջազգային ջանքերուն, նաեւ՝ ԵՄ եւ ԵԱՀԿ։ ՄԹ կառավարութիւնը աշխոյժ կապի մէջ է մարդկայնական կազմակերպութիւններու հետ, նաեւ Կարմիր Խաչի։ Հայաստանը եւ ազրպէյճանը պէտք է շարունակեն խաղաղութեան ուղղուած բանակցութիւնները։ Մենք կ՝ողջունենք ԵՄ քաղաքացիական առաքելութեան տեղակայումը ՀՀ-ի մէջ»,- եզրափակած է ան: