
Չաւուշօղլուն Անդրադարձած է Հայոց Ցեղասպանութեան Վերաբերող Ամերիկեան Թեմային
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն ԱԳՆ-ի պիւտճէի քննարկման ժամանակ անդրադարձած է ԱՄՆ-ի Քալիֆորնիա նահանգին մէջ ընդունուած որոշման։
Ermenihaber.am-ի տեղեկութիւններով՝ Քալիֆորնիոյ նահանգային ժողովը որոշում ընդունած է Ապրիլ 24-ը յայտարարել Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակի օր եւ այդ օրը սահմանել իբրեւ ոչ աշխատանքային օր։
«Oրէնքի ընդունումէն ետք՝ ԱՄՆ-ի իշխանութիւններուն կողմէ արձանագրուած են մեր խստագոյն արձագանգները։ Բացի այդ ալ ամերիկեան կողմին հետ մեր շփումներուն ընթացքին մենք կը շարունակենք բարձրաձայնել այդ մասին»,- յայտարարած է Չաւուշօղլուն։
Յիշեցնենք, որ տուեալ օրինագիծը (AB 1801) յառաջադրած էր Քալիֆորնիոյ նահանգային ժողովի պատգամաւոր Ատրին Նազարեանը։ Օրինագիծը կը պարտաւորեցնէ, որ ամէն տարի Ապրիլ 24-ին բոլոր համայնքային քոլէճներն ու պետական դպրոցները՝ ամբողջ Քալիֆորնիոյ մէջ՝ փակուին, իսկ նահանգի ծառայողներուն տրամադրել վճարովի արձակուրդ։