
Հայաստանի Մէջ Մանսուրեանի Անուան Երաժշտահաններու Միջազգային Մրցոյթ Պիտի Իրականացուի
Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ առաջին անգամ պիտի իրականացուի Մանսուրեանի անուան երաժշտահաններու միջազգային մրցոյթ: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ PanArmenian.net-էն։
Մրցոյթը պիտի իրականացուի «Կողբ» հիմնադրամին նախաձեռնութեամբ եւ միտուած է միաւորելու աշխարհի բոլոր տաղանդաւոր երաժշտահանները՝ ստեղծելով իւրայատուկ հարթակ, ուր պիտի միաձուլուին երաժշտութիւնն ու գրականութիւնը:
Մրցոյթին նպատակը տաղանդաւոր երաժիշտներու բացայայտումն է, արդի պոեզիայի հանրահռչակումը, հայ գիրի, խօսքի արժեւորումը աշխարհին ամենահասանելի լեզուին՝ երաժշտութեան միջոցով։
Մրցոյթին կրնան մասնակցիլ ժամանակակից ակադեմիական ուղղուածութեան երաժշտահաններ՝ առանց տարիքային եւ ազգային սահմանափակումներու:
Մասնակցութեան համար յայտադիմումները կ՝ընդունուին մինչեւ 1 Ապրիլ, 2023թ․:
Տիգրան Մանսուրեանը ՀԽՍՀ ժողովրդական արտիստ (1990) է, հեղինակ է նուագախմբային, կամերային, երգչախմբային եւ վոկալ գործերու, որոնք կատարուած են ամբողջ աշխարհի մէջ։ Ան գեղարուեստական նոր հիմքի վրայ վերածնած է կոմիտասեան սկզբունքները։