
Ըմբշամարտի ԱԱ. Էտմոն Նազարեան Կը Պայքարի Ոսկիի Համար
Սերպիոյ մայրաքաղաք Պելկրատի մէջ ընթացող յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի աշխարհի առաջնութեան՝ 60 քկ քաշային կարգի կիսաեզրափակիչին՝ Պուլկարիան ներկայացնող Էտմոն Նազարեանը 5-5 հաշուով յաղթեց աշխարհի կրկնակի ախոյեան, Ողիմպիական խաղերու փոխախոյեան Քենիչիրօ Ֆումիդային եւ հասաւ եզրափակիչ: Այս մասին կը հաղորդէ vnews.am-ը։
Ողիմպիական կրկնակի ախոյեան Արմէն Նազարեանի որդին աշխարհի ախոյեանի կոչումը Սեպտեմբեր 13-ին պիտի վիճարկէ Խրխըզիստանի ներկայացուցիչ Ժոլաման Շարշենբեկովի հետ:
Խրխըզ ըմբիշը, պայքարէն դուրս ձգելով այս քաշային կարգին մէջ Հայաստանի ներկայացուցիչ Գէորգ Ղարիբեանը յաղթած, ղազախ Աիտոս Սուլթանժալիին, ինքնաբերաբար պրոնզէ մետալի համար պայքարին միջամտելու հնարաւորութենէն զրկեց Հայաստանի ներկայացուցիչը:
Սփոփիչ գօտեմարտի հնարաւորութենէն զրկուած է նաեւ 130 քկ քաշային Դաւիթ Օւասափեանը: