Ճակատագիրը Փոխող 10 Հզօր Բառ

Այլեւայլ

Կեանքի ուրախութիւնը վերագտնելու, խնդիրներէն ազատուելու ու յաջողութեան հասնելու համար շատ մեծ ջանքեր պէտք չէ գործադրել։ Գլխաւորը սեփական ուժերուն հաւատալն է ու դուն քեզի դրական կարգաւորումներ տալը։

Ատիկա կարելի է ընել բառի ուժի օգնութեամբ։

Հին ժամանակներէն ի վեր մարդիկ հասկցած են, որ բառերը, որոնք կ՝արտաբերուին համոզուած կերպով ու բազմիցս կը կրկնուին, ունակ են մարդու կեանքի եւ ճակատագրի վրայ հզօր ազդեցութիւն գործելու։

Նկատուած է, որ խիստ բացասական նշանակութեամբ բառերու յաճախակի գործածութիւնը կը յանգեցնէ խնդիրներու խորացման եւ, ընդհակառակը, խօսքին մէջ դրական բառերու գերակշռութիւնը մարդուն ուժ կու տայ՝ կեանքի մէջ
ամենախճճուած ու բարդ իրավիճակներէն դուրս գալու ու յաջողութեան հասնելու համար։

Ժամանակակից հոգեբանները հաստատած են մեր խօսքի ու ինքնազգացողութեան ու յաջողակ ըլլալու միջեւ կապը։

Հարցը այն է, որ մեր կողմէ յաճախ արտաբերուող բառերը կը մնան ենթագիտակցութեան մէջ ու կը յարուցանեն մարմնի յատուկ շարժումը՝ ազդելով մեր վարքի ու առհասարակ կեանքի վրայ։

Ատոր համար ալ, եթէ խնդիրները մեզի հանգիստ չեն տար, ժամանակն է մտածելու, թէ մենք յաճախակի ինչ բառեր կ՝օգտագործենք։

Կը ներկայացնենք 10 բառերու ցանկը, որոնք պիտի օգնեն ազատուելու խնդիրներէն ու մեր կեանք ներգրաւելու յաջողութիւնը։

  1. Յաջողութիւն։ Այո՛, յաջողութիւնը կը սիրէ, երբ զինք կը կոչեն իր անունով, բայց այդ բառը պէտք է օգտագործել վստահութեամբ ու միայն դրական տրամադրուածութեամբ։ Ոչ մէկ «Ա՜խ, եթէ միայն ինծի ժպտար յաջողութիւնը…»։ Ատոր փոխարէն պէտք է ըսել. «Ես կը հաւատամ, որ յաջողութիւնը այսօր պիտի ժպտայ ինծի»։
  2. Երջանկութիւն։ Երջանկութիւնը այն է, որուն կը ձգտինք։ Դուք ձեզի յիշեցուցէք այդ նպատակին մասին ամէն օր ու վստահութեամբ նայեցէք ապագային։ «Ես անպայման պիտի հասնիմ իմ երջանկութեան»։ Կրկնելով այդ բառը՝ դուք պիտի մօտեցնէք ձեր նպատակը ձեզի եւ որոշ ժամանակ ետք՝ իսկապէս երջանիկ մարդ պիտի դառնաք։
  3. Սէր։ Դուք քեզ ու շրջապատող աշխարհը սիրելու ունակութիւնը յաջողութեան գրաւականն է, որ չի սիրեր չոր մարդոց։ Ձեր մտերիմներուն ըսէք, յիշեցուցէք ձեր զգացումներուն մասին ու մի վախնաք աշխարհին սէր խոստովանելու։ Ըսէք. «Ես կը սիրեմ այս աշխարհը՝ իր գեղեցկութեան ու ինծի համար ստեղծած հնարաւորութիւններուն համար»։ Եւ աշխարհը պիտի շտապէ փոխադարձաբար պատասխանելու ձեզի։
  4. Բարեկեցութիւն։ Եթէ դուք յաճախ օգտագործէք այս բառը, եւ, յատկապէս, եթէ օգնէք բարեկեցիկ կեանքով ապրելու այլ մարդոց, դուք իսկապէս պիտի սկսիք բարիք ստանալ կեանքէն, ու յաջողութիւնը դէմքով պիտի դառնայ
    դէպի ձեզ։
  5. Շնորհակալութիւն։ Բախտը հակառակ կողմ կը դառնայ այն մարդոց համար, որոնք ունակ են միայն ստանալու՝ փոխարէնը ոչինչ տալով։ Ատոր համար ալ ձեր յաջողութիւններուն համար շնորհակալ եղէք, արտաբերեցէք
    «շնորհակալութիւն» բառը, ըսէք զայն մտերիմ մարդոց, բարեյաջող դասաւորուած հանգամանքներուն, անոնց, որոնք ձեզի թէկուզ ոչ էական, բայց օգնութիւն ցուցաբերած են, եւ յաջորդ անգամ յաջողութիւնը կրկին բարեհաճ պիտի գտնուի ձեզի հանդէպ։
  6. Յաջողութիւն։ Որպէսզի ձեր բոլոր նախաձեռնութիւնները յաջողութեամբ պսակուին, յաճախ արտաբերեցէք այդ բառը։ Այդպիսով դուք ձեզի դէպի յաջողութիւն պիտի ծրագրաւորէք ու պիտի հասնիք ձեր ուզածին։
  7. Հաւատք։ Հաւատքը յաջողակ մարդոց հիմնական զգացողութիւններէն է։ Եթէ հաւատաք դուք ձեզի՝ բախտը բարեհաճութիւն պիտի նուիրէ ձեզի։ Այդ բառին յաճախակի կրկնութիւնը ձեզի պիտի օգնէ սեփական ուժերուն
    հանդէպ վստահութիւն զգալու, դուք ձեզի համոզելու սեփական հաւատքի մէջ, նոյնիսկ, եթէ սկիզբը կասկածներ ունեցած էք։
  8. Վստահութիւն։ Որպէսզի հանգամանքները յաջողակ կերպով դասաւորուին, պէտք է վստահիլ կեանքին։ Ձեզի համար կարեւոր գործէ մը առաջ յաճախ խօսեցէք վստահութեան մասին. «Ես կը վստահիմ կեանքին։ Ես գիտեմ, որ
    կենսական հանգամանքները պիտի դասաւորուին իմ օգտին»։
  9. Առողջութիւն։ Յաջողութեան երաշխիքը ֆիզիքական ու բարոյահոգեբանական առողջութիւնն է։ Բացասական բառերը, հիւանդութիւններու քննարկումներն ու ինքնազգացողութենէն անընդհատ բողոքելը ոչ միայն խնդիրներ կ՝առաջացնեն, այլեւ կը վատացնեն մարմնի ընդհանուր վիճակը։ Իսկ «առողջութիւն» բառը դրական այլ
    համադրութիւններով կը նպաստէ, որ դուք միշտ լաւ զգաք։
  10. Յոյս։ Յոյսը մարդուն կը ստիպէ ուժերը բռունցքելու եւ առաջ շարժելու նոյնիսկ ամենածանր իրավիճակներու մէջ։ Ըսէք՝ «Ես յոյս ունիմ, որ ամէն ինչ լաւ պիտի ըլլայ», եւ յաջողութիւնը անպայման պիտի լսէ ձեզի ու պիտի
    արդարացնէ ձեր յոյսերը։