
Այժմեան Թուրքիոյ Մէջ Գտնուող Հայկական Եկեղեցին Նախ՝ Բանտի, Ապա Մզկիթի Վերածուած է (լուսանկարներ)
Օսմանեան մեծանուն հայ ճարտարապետ Սարգիս Պալեանի նախագծումով կառուցուած Այնթապի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին ժամանակին եղած է կայսրութեան ամենամեծ եկեղեցիներէն մէկը։ Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը՝ վկայակոչելով Gzt.com-ը։
1892թ. կառուցուած եկեղեցին մինչեւ 1915թ. ծառայած է Այնթապի հոծ հայ բնակչութեան: Հայոց Ցեղասպանութենէն եւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադրումէն ետք՝ եկեղեցին յանձնուած է երկրի արդարադատութեան նախարարութեան վերահսկողութեան։
1930-1980-ականներուն եկեղեցին մօտ 50 տարի օգտագործուած է իբրեւ բանտ։ Այդ տարիներուն եկեղեցւոյ պատուհաններուն ամրացուած են ճաղավանդակներ։
1980-1985թթ. երբեմնի Սուրբ Աստուածածինը վերածուած է մզկիթի։ Եկեղեցւոյ տրուած է «Քուրթուլուշ» (Փրկութիւն) մզկիթ անուանումը, հարեւանութեամբ կառուցուած է մինարէ, իսկ ներսը՝ միհրապ։
Մինարէ – աշտարակ, ուրկէ կը հնչէ իսլամներուն աղօթականչը։
Միհրապ – աղօթքի համար առանձնացուած որմնախորշ։
Մզկիթի վերածուած հայկական եկեղեցւոյ ներկայ տեսքը կը ներկայացուի լուսանկարներով։





