«Հրանդ Տինք. Հոս Եւ Հիմա» Ցուցահանդէսը՝ Երեւանի Մէջ

Հայաստան, Սփիւռք

Հրանդ Տինքի սպանութեան 15-րդ տարելիցին առիթով, անոր կեանքը եւ պայքարը ներկայացնող ցուցահանդէսը կը սկսի իր ուղեւորութիւնը Պոլիսէն Երեւան։ «Հրանդ Տինք. հոս եւ հիմա» խորագիրը կրող ցուցահանդէսին բացումը տեղի ունեցաւ 7 Մայիսին եւ բաց պիտի մնայ մինչեւ 30 Յուլիս, Նորարար փորձառական արուեստի կեդրոնին մէջ (ՆՓԱԿ)։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ
«Ակօս»-էն։

Ցուցահանդէսին կից ձեռնարկներ պիտի կազմակերպուին ամրան ամիսներուն։

«Հրանդ Տինք. հոս եւ հիմա» ցուցահանդէսը կազմակերպելը կարելի դարձած է «Քրեստ» հիմնարկի եւ «Ուլոֆ Պալմէ» միջազգային կենդրոնին աջակցութեամբ։