ԱՀ ԱԺ Բոլոր Խմբակցութիւնները Վերահաստատած են Իրենց Միասնականութիւնը՝ Արցախի Հարցով (տեսանիւթ)
Մայիս 18-ին, Մարտակերտ քաղաքի մէջ, խումբ մը քաղաքացիներու նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած է բազմամարդ հաւաք, որուն նպատակը Հայաստանի մէջ ընթացող «Դիմադրութիւն» շարժման իրենց աջակցութիւնը յայտնելն էր, ինչպէս նաեւ իրենց մտահոգութիւնները համաքաղաքացիներուն, պատգամաւորներուն եւ շրջանի պատասխանատու անձերուն փոխանցելը։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ «Ապառաժ»-էն։
Հաւաքի կազմակերպիչները հրաւիրած էին ԱՀ ԱԺ բոլոր խմբակցութիւնները: Հաւաքին ներկայացած բոլոր 5 պատգամաւորները վերահաստատած են իրենց միասնականութիւնը՝ Արցախի եւ հայ ժողովուրդի ճակատագրական հարցերով, որուն վառ ապացույցը 2022թ. Ապրիլ 14-ի ԱՀ ԱԺ յայտարարութիւնն էր:
Ժողովուրդը ցնծութեամբ եւ ոգեւորութեամբ ընդունած է պատգամաւորներուն նման կեցուածքը:
Մանրամասն՝ տեսանիւթով.
