
Գաբրիէլ Սարգսեան Պարտութեան Մատնեց Ազրպէյճանցի Շախմատիստը
Սլովենիոյ մէջ ընթացող ճատրակի Եւրոպայի անհատական առաջնութեան նախավերջին խաղին՝ Հայաստանի հաւաքականի յառաջատար Գաբրիէլ Սարգսեան պարտութեան մատնած է ազրպէյճանցի Ապտուլա Կատիմպայլին։ Այս մասին կը հաղորդէ chess24.com-ը։
Սարգսեան խաղցած է սպիտակներով, եւ այժմ 8 միաւորով առաջնութեան յառաջատարն է։
Ճատրակի Եւրոպայի անհատական առաջնութիւնը կ՝իրականացուի Սլովենիոյ Պրեժիցէ քաղաքին մէջ: Անիկա բաղկացած է 11 խաղէ եւ կ՝իրականացուի զուիցերիական մրցակարգով:
Մրցանակային ֆոնտը կը կազմէ 100 հազար եւրօ։ Առաջին հորիզոնականը զբաղցուցած շախմատիստը պիտի ստանայ 20 հազար, երկրորդը` 15 հազար, երրորդը` 10 հազար եւրօ:
Մրցաշարը մեկնարկած է Մարտ 26-ին եւ պիտի աւարտի Ապրիլ 7-ին:
Մրցաշարին Հայաստանը կը ներկայացնեն 9 շախմատիստներ՝ Գաբրիէլ Սարգսեան, Շանթ Սարգսեան, Ռոպերթ Յովհաննիսեան, Մանուէլ Պետրոսեան, Հայկ Մարտիրոսեան, Մամիկոն Ղարիբեան, Արթուր Դաւթեան, Սամուէլ Տէր-Սահակեան եւ Էմին Յովսէփեան։