
Արցախցի Սեւակ Մանուկեանը Ճատրակի ՀՀ Կիսաեզրափակիչ Մրցաշարին Յաղթող Ճանչցուած է
Մարտ 20-29 Հայաստանի ճատրակի ակադեմիային մէջ իրականացուած է Հայաստանի պատանիներու եւ աղջիկներու կիսաեզրափակիչ մրցաշարը, որուն մասնակցած են նաեւ արցախցի պատանի շախմատիստները: Մրցաշարը իրականացուած է ՖԻԴԵ-ի ճատրակի կանոններուն համաձայն` զուիցերիական մրցակարգով, 9 խաղափուլով:
Մինչեւ 18 տարեկաններու մրցապայքարին յաղթող ճանչցուած է արցախցի շախմատիստ Սեւակ Մանուկեան՝ նուաճելով ՀՀ ճատրակի եզրափակիչ առաջնութեան մասնակցելու իրաւունք: Սեւակ Մանուկեան 10 տարեկաններու ՀՀ ախոյեան է, տարբեր տարիքային խումբերու մէջ Արցախի բազմակի ախոյեան, Արցախի մեծահասակներու պրոնզէ մետալակիր:
ԱՀ Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութիւն